Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» (Մար Եուսէֆ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, մասնաճիւղի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սիլվա Գարակէօզեանի, բարերարուհի՝ տիկին Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդանուհիներու։
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս եւ լռութեամբ յարգելու մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ Գոհար Գոճակէօզեանի յիշատակը: Ապա ընկհ. Դարբինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան:
Պրն. Սիմոն Կոստանդինեան ձեռնադաշնակի նուագակցութեամբ հայկական մեղեդիներով ճոխացուց ձեռնարկին մթնոլորտը, որմէ քաջալերուած ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան:











