ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած, 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2016-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանին, ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի  ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիւրերու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ թաղեցիներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգը  ունկնդրելէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ ըսաւ.- «Ձեր ներկայութիւնն ու քաջալերանքը կը գօտեպնդեն  եւ ուժ ու կորով կը ներշնչեն մեզի»:  Ան աւելցուց ըսելով, «տարուէ-տարի կը բազմանան կրթական, առողջապահական եւ ընկերային պարագաները, որոնց համար ԼՕԽ-ը իր քսակը բանալով, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, կը հասնի բոլորին»:

Վարչութիւնը, ձեռնարկին  տարբեր բնոյթ տալու նպատակով,  յարմար նկատած էր լսա-տեսողական միջոցներով, Հայաստանի տեսարժան վայրերը ներկայացնել ներկաներուն: Առ այդ, ընկհ.Պաղտասարեան համադրած եւ պատրաստած էր տեղեկութիւններ եւ նկարներ՝ վանքերու, կոթողներու, յուշահամալիրներու, թանգարաններու  եւ գեղատեսիլ վայրերու մասին:

 Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ  դիտեցին, ծանօթացան եւ հետեւեցան ներկայացուած տեղեկութիւններուն, մաղթելով, որ այլ առիթներով եւս ծանօթանան տարբեր տեսարժան վայրերու:

Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք, տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ: Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ  մեկնեցան սրահէն: