Թարգմանչաց Տօն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը, Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, կազմակերպած էր փոքր հանդիսութիւն մը, գրադարան յաճախող աշակերտներուն համար:

Այդ օր, սովորականէն տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր գրադարանէն ներս:

Յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Մարիա Ինճէեան, փոքրիկներուն հետ զրոյցի ձեւով եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Խօսեցաւ անոր կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններու մասին, թէ ան ինչպէս տագնապեցաւ եւ ճգնեցաւ ստեղծելու համար Հայոց Այբուբենը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Մեսրոպի աշակերտներուն ու անոնց կատարած թարգմանութիւններուն, յիշելով Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որ կոչուած է «Թագուհի Թարգմանութեանց»:

Ապա քանի մը աշակերտներ արտասանեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Հայոց Այբուբենին նուիրուած ոտանաւորներ:

Այլ աշակերտներու խումբ մը ընթերցեց գրութիւններ նոյնպէս առընչուած Մեսրոպ Մաշտոցին եւ հայերէնին: