Karaoke Night

ԼՕԽ-ի « Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ "Karaoke Night" ձեռնարկը,  Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ֊-ի Շրջանային Վարչութեան  ներկայացուցիչ`ընկհ. Սօսի Արամեանի, Հայաշէնի «Ռոստոմ »կոմիտէի հերթապահ `ընկ. Խաչիկ Համբարձումեանի, ընկերներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ թաղեցիներու եւ ընկերուհիներու։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին` ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան: Ան  իր խօսքին մէջ ըսաւ.-«2015-2016 տարեշրջանի վարչութեան գործունէութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Տարուան ընթացքին իրագործուեցան զանազան  բնոյթ ունեցող ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ  կարելի է նկատել յաջող, նամանաւանդ որ վարչական ընկերուհիներու ձեռամբ  պատրաստուեցան հրամցուած համեղ ճաշերը, այս ձեռնարկին եւս վարչութիւնը չորս օրերու ընթացքին պատրաստեց առատ եւ տեսակաւոր ճաշ։ Վարչութիւնս լիուլի կատարեց իր վրայ դրուած բոլոր պարտաւորութիւնները եւ պարտականութիւնները, հասնելով կարիքաւորներու պահանջքներուն, ըլլան անոնք դեղորայք , կրթական, ընկերային եւ բժշկական կարիքներ»։ Ընկերուհին չմոռցաւ շնորհաւորելու ներկայ մայրերը իրենց տօնին առիթով եւ մաղթեց անոնց քաջառողջութիւն։
Հարկ է յիշել, որ ձեռնարկին ծախսերուն մեծ բաժինը հոգացած էր տիար Քրիստափոր Աճէմեան , որուն համար նաեւ ընկհ. Պաղտասարեան  շնորհակալութիւն յայտնեց ։ Ձեռնարկը ընթացաւ ընկերային մթնոլորտի մէջ , միասնաբար երգելով ու պարելով. Պինկօ խաղի աւարտին տեղի ունեցան նաեւ նուիրատուութիւններ։