Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ին ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին ընկհ. Շաղիկ Մկրտիչեանը, ներկայութեամբ գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին:
Ընկհ. Մկրտիչեան աշակետները ուրախացուց երկու պատմութիւններով, որոնք տարբեր նիւթեր կը բովանդակէին: Առաջինը՝ երեւակայական պատմութիւն մըն էր, որ հաճելի ձեւով ներկայացուեցաւ հիւրին կողմէ եւ խանդավառեց փոքրիկները, իսկ երկրորդը՝ գերմանացի հեղինակ Եօհան Ուոլֆկանկ Կէօթէի կախարդական պատմութիւնը, որու հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ:
Հիւրասիրութենէն եւ յիշատակի նկարներ առնուելէն ետք, ցտեսութեան մաղթանքներով ընկհ. Շաղիկն ու փոքրիկները բաժնուեցան իրարմէ:






