Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային յանձնախումբի հիմնական ծրագիրը` կազդուրման կայանը, որ ընթացք առած էր երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ, աւարտեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին:

Ընկերային յանձնախումբին հսկողութեամբ, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներու եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներու աջակցութեամբ, երեք շաբաթներու վրայ երկարած կազդուրման կայանի ծրագիրը աւարտեցաւ փակման յատուկ հանդէսով մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս առիթով կու գայ շնորհակալութիւն յայտնելու վերոյիշեալ ծրագիրին նեցուկ կանգնող բոլոր նուիրատուներուն, ըլլան անոնք բարեկամներ, բարերարներ թէ հաստատութիւններ, որոնք միշտ պատրաստ եղած են օժանդակելու ԼՕԽ-ի բարեսիրական աշխատանքներուն:

Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

Բոլորի՛ն վարձքը կատար:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ