Պտոյտ դէպի Սայտա

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Արագած մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2016-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւը գտնուող Սայտա քաղաքը, ներկայութեամբ շրջանի ծխատէր քահանայ հօր, բազմաթիւ լօխականներու եւ հիւրերու:

Միօրեայ պտոյտին ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Կանայի եւ Մաղտուշէի Ս.Աստուածածին ուխտավայրերը, ապա Ժսնայա գիւղին «Մխթար» ճաշարանին մէջ միասնաբար ճաշեցին ու հաճելի պահեր անցուցին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան ներկաներէն շատեր:

Երեկոյեան անոնք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Պէյրութ: