ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը կը կայանայ առաւելագոյն չափով հայ թէ օտար հանրութեան ծանօթացնել ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ բարեսիրական նպատակները, որոնց առընթեր մեկնակէտ ունի նիւթական հասոյթ ապահովել Շրջանային Վարչութեան:
Յանձնախումբի 2014-2016 երկամեայ գործունէութեան վերջին ձեռնարկը եղաւ իր կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Բախտաւորները շահեցան արժէքաւոր արուեստի գործեր, նուիրուած Լիբանանցի արուեստագէտներու կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութենէն եւ յարաբերական յանձնախումբէն ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ նուիրատու արուեստագէտներէն խումբ մը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատու արուստագէտներուն, ինչպէս նաեւ յարաբերական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին առաւելագոյն չափով սատարելու Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան:
Վիճակաձգութենէն ետք, յանձնախումբի ընկերուհիները համեստ հիւրասիրութեամբ մը հիւրասիրեցին ներկաները:
Վիճակահանութեան շահող թիւերը եղան`
Թիւ 7 – Քանդակ` Կիւլեն Տէր Պօղոսեան
Թիւ 139 – Գեղանկար` Յարութիւն Թորոսեան
Թիւ 289 – Գեղանկար` Միսաք Թերզեան
Թիւ 359 – Գեղանկար` Քարոլ Շաքէր
Թիւ 377 – Գեղանկար` Տէյզի Ապի Ժապէր
Թիւ 432 – Գեղանկար` Ժաքլին Օհանեան
Թիւ 485 – Գեղանկար` Լիւսի Թիւթիւնճեան
Թիւ 504 – Գեղանկար` Կիւվտեր
Թիւ 526 – Քանդակ` Մոսիկ Կիւլոյեան
Թիւ 991 – Գեղանկար` Լէոնի Փիլար
Թիւ 1065 – Գեղանկար` Շահէ Տէր Պօղոսեան
Թիւ 1189 – Գեղանկար` Մարալ Տէր Պօղոսեան














