Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ ընկհ. Գարօլ Էսսոյի եւ կազմակերպութեամբ Ռապիէ շրջանի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի , 10 Մայիս 2016-ին, Պիքֆայայի «Les Grandes Arcades» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:
Մուտքին, վարչութիւնը ներկաներուն տրամադրեց մոմէ նուռեր:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Իզապէլ Տէկիրմէնճեան, իր բացման խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը , Հայկական աւանդութիւններու պահպանումը , ինչպէս նաեւ Հայ Մօր դերակատարութիւնը: Ան, անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, թշնամի Ատրպեյճանին վայրագ արարքներուն եւ տրուած ըլլալով, որ մասնաճիւղը անուանուած է «Արցախ» անունով, յայտարարեց, որ սոյն ձեռնարկին վիճակահանութեան տոմսերու հասույթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Արցախ»ին:
Ապա, ընկհ. Տէկիմէնճեան հրաւիրեց քանոնահար՝ տիկին Սալբի Քէօշկերեանը, որու ներայացուցած եղանակները ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս: Ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին կատարելով սրտաբուխ նուիրատուութիւններ :
Խանդավառ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան մեծ թիւով ներկաներ եւ ստացան մէկական շիշ Հայկական գինի:
Ներկաները ուրախ եւ գոհունակ բաժնուեցան իրարմէ:













