ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը( Զալքա) , 17 Մայիս 2016-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի Այնճար, մայրերու օրուան առիթով:
ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Ksara»-ի գինեգործարանը, ուր տեսերիզի մը միջոցով ծանօթացան գինիի պատրաստութեան եղանակին, որմէ ետք համտեսեցին գինին եւ պտըտեցան ժայռափոր շտեմարան, գինիի պահեստանոցը:
Ապա, անոնք ուղղուեցան դէպի Այնճարի բերդը, մօտէն ծանօթացան բերդի պատմութեան, մուտքին դրուած ցուցանակի մը վրայ մանրամասն բացատրութեամբ ինացան, թէ ո՞ր ժամանակաշրջանին եւ ո՞ր մշակոյթին կը պատկանին այդ հնութիւնները: Քիչ մը հանգչելէ ետք, ուղղուեցան Այնճարի Ճաշարան «Արեւ»:
Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին եւ բոլոր ներկաներուն: Ապա շնորհաւորեց սիրոյ եւ նուիրումի խորհրդանիշ «Մայրերու օրը», մաղթելով բոլոր մայրերուն քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք: Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ներկաներուն, որովհետեւ անոնց աջակցութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը յաջողի իր գործունէութեան մէջ:
Եզրափակելով ըսաւ.- «Մօր սիրտը խորունկ վիհ մըն է, որուն յատակը միշտ կը գտնես ներողամտութիւն: (Հ. Պալզագ)»
«Մայրը այն անձն է, որ կրնայ ուրիշներ փոխարինել, բայց ոչ ոք կրնայ զինք փոխարինել: (Օսքար Ուայլտ)»
Համադամ ճաշերով, երգերով եւ ուրախ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընկերուհիները մասնակցեցան վիճակաձգութեան, ընտրուեցաւ նաեւ օրուան բախտաւոր մայրը:
Ուրախ ու գոհունակ բոլոր ներկաները վերադարձան իրենց տուները ԼՕԽ-ի յարկին տակ նորէն իրարու հանդիպելու մտադրութեամբ:











