«Անմիջական օգնութիւն եւ անհրաժեշտ դեղորայք տունէն ներս» նիւթով դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի 27 Ապրիլ 2016-ին առաւօտեան ժամը 10։00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն « Անմիջական օգնութիւն եւ անհրաժեշտ դեղորայք տունէն ներս » թեմայով, զոր ներկայացուց տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան։

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց  Սոնա Եափուճեան։ Ան ներկայացնելէ ետք օրուայ դասախօսը նշեց թէ, որքան անհրաժեշտ եւ կարեւոր են լաւապէս տեղեակ ըլլալու անմիջական բուօգնութեան գիտելիքներուն ինչպէս նաեւ տան մէջ ունենալու տարրական դեղորայք զանազան առողջապահական հարցերու պարագային։

Տոքթ Գոհար Վարդանեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով նախաբժշկական անմիջական բուժօգնութիւնը, եւ թուեց մի քանի օրինակներ թէ ինչպէս կարելի է օգնել հիւանդին կանխարգիլելու յառաջիկայ բարդութիւնները։

Շարունակելով, դասախօսը խօսեցաւ տան մէջ ունենալու տարրական դեղորայքը, յատուկ փոքր դեղարանի / տուփի մէջ տեղադրուած հեռու արեւու ազդեցութենէն եւ խոնաւութենէ։ Այս փոքր դեղարանը պէտք է ներառէ հիմնական բուժօգնութեան դեղեր, որոնց գործածութիւնը արտօնուած է տնային պայմաններու մէջ, հականեխիչ, ցաւազրկիչ, վիրակապերու տեսակներ ջերմաչափ, եւ այլն։

Բժշկուհին գործնականօրէն բացատրեց ինչպէս կարելի է ճշգրտօրէն գործածել վերոնշեալ դեղերը եւ բժշկական իրերը։ Այս բաժինով մանրամասնօրէն բացատրեց ինչպէս կարելի է գործածել գերճնշումի գործիքը, եւ հասկնալ պատասխանները ու ճշգրտօրէն փոխանցել հարկ եղած պարագային բժիշկին։

Այս բաժինով նաեւ դասախօսը ներկայացուց այն անհրաժեշտ դեղերը/քսուկները այրուածքի պարագային օգտագործելու։ Ան նաեւ նշեց բարձր ջերմութիւնը նուազեցնող զանազան տարրական դեղերը որոնց առկայութիւնը անհրաժեշտ է բայց այս պարագային յատկապէս մոմիկները պէտք է պահել  սառնարանին մէջ։

Վերադառնալով այրուածքի զանազան պարագաներու, Տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան, բացատրեց այրուածքի պատճառները, տարբեր աստիճանի այրուածքները  եւ ինչպէս վարուիլ ամէն մէկ տեսակի հետ եւ անմիջական ինչ դեղեր / քսուկներ օգտագործել։

Տան մէջ նաեւ կարելի է առկածներ պատահին եւ  կոտրուածքներ տեղի ունենան  մարմնի զանազան մասերու որոնց  պարագային շատ անհրաժեշտ է անշարժացնել ենթական եւ շուտով դիմել բժիշկին։  Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ զանազան արիւնահոսութիւններու պարագաներու մասին, ամէնապարզէն մինչեւ ամենաբարթը, ինչպէս զանազանել, եւ ինչպէս արիւնահոսութիւնը դադրեցնելով դիմել բժիշկի օգնութեան։

Պէտք է նշել թէ, դասախօսութեան ընթացքին տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն, ներկայացուց զանազան օրինակներ եւ բացատրութիւններ անմիջական բուժօգնութեան թեմային շուրջ։