«Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն Այնճարի մէջ

Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, գործակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2016-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ ՝տոքթ. Պերճ Տագէսեան  , ներկայութեամբ աւելի քան 65 հոգիի։

Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան, ծանօթացնելէ ետք բժիշկը, ան ըսաւ :- «ո՞վ մեզմէ գլխացաւ չէ ունեցած իր կեանքին մէջ եւ իր առօրեան խանգարած է այդ անհանգստութիւնը»....։

Տոքթ. Պերճ Տագէսեան իր դասախօսութիւնը ներկայացուց հիմնական երկու բաժիններով, առաջին բաժինով խօսեցաւ նախնական գլխացաւերու ինչպէս միկրէնի, քլասթըր  կոչուած գլխացաւի, թէնշընի  եւ էքզոսշըն գլխացաւերու մասին։

Երկրորդ բաժինով խօսեցաւ գլխացաւերու մասին որոնք հետեւանք են այլ հիւանդութիւններու կամ վիճակներու ինչպէս ուղեղատապի (Մէնէնժիթ), ուղեղային ուռուցքներու որոնք կրնան ըլլալ լաւորակ կամ չարորակ, ուղեղի կաթուածի հետեւանքով յառաջացած գլխացաւի, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչներու գործածութեան իբրեւ արդիւնք եւ այլ ծանր հիւանդութիւններու ։

Աւարտին տոքթ. Պերճ Տագէսեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն բոլոր հարցումներուն։