Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, Ուրբաթ, 18 Մարտ 2016-ին ընդունեց Saint Coeur վարժարանի երկրորդական բաժնի 12-րդ կարգի աշակերտները։
Անոնք, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ԼՕԽ-ի ընկերային ծառայողին եւ 3 կամաւորներու, այցելեցին Պուրճ Համուտի, «Արագած» շրջանին մէջ բնակող Լիբանանահայ 20 կարիքաւոր ընտանիքներու, անոնց բաշխեցին ուտեստեղէն եւ տրամադրեցին նիւթական օժանդակութիւն, ուրախացնելու եւ կարելիութեան սահմաներուն մէջ օգտակար դառնալու նպատակով ։
Այս բարեսիրական աշխատանքը առիթ ընծայեց աշակերտներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու կարիքաւոր ընտանիքներու ապրած տնտեսական եւ ընկերային դժուար ու ծանր պայմաններուն։ Անոնք, սոյն նուիրական եւ օրինակելի արարքով, ունեցան սրտի ու հոգեկան մեծ գոհունակութիւն, գիտակից դարձան մեր ընկերութեան կեանքէն ներս նուիրելու եւ ուրիշին ծառայելու կենսական կարեւորութեան, իսկ ընտանիքներն ալ շատ ուրախ եւ երախտապարտ մնացին այս այցելութենէն, գնահատելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական, մարդասիրական գործունէութիւնը։








