ԱՊԸԲ կեդրոնի ծառայութիւնը Լիբանանի Պետական դպրոցներուն

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը, գործացաբար Պուրճ Համուտի մէջ գործող 2 այլ դարմանատուներու եւ 3 պետական վարժարաններու, կը գործադրեն միասնական ծրագիր մը “Support to Integrated Service Provision at the local level” (Ամբողջական ծառայութիւն մատուցել տեղական մակարդակի վրայ) առողջապահական, ընկերային  կամ հոգեկան ծառայութիւններու հարցերու շուրջ։

Ծրագիրը կը հովանաւորեն Առողջապահական, Ընկերային Բարօրութեան, Կրթական եւ Ներքին գործերու եւ քաղաքապետարաններու նախարարութիւնները, UNDP, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնը, Regione Toscana, Servizio Sanitario della Toscana  եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը։

Սոյն ծրագրի նպատակն է Պուրճ Համուտի բնակիչները քաջալերել եւ վարժեցնել, որ առողջապահական հարցեր ունենալու պարագային, դիմեն շրջանի մէջ գործող 3 նախնական առողջապահական խնամք հայթայթող կեդրոնները (Primary Health Care Centers), որոնք մեծ աշխատանք կը տանին բարձրորակ առողջապահական խնամք եւ հոգատարութիւն մատուցելու շրջանի բնակչութեան։

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքը, գործակցաբար կեդրոնի բժիշկներուն, Մարտ 19-23  միջեւ ներկայացան Պուրճ Համուտ # 2» պետական  միջնակարգ վարժարանը  եւ 200 աշակերտներու կատարեցին, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի  դպրոցական առողջապահական, ինչպէս նաեւ ընդհանուր մարմնի, ատամներու  եւ տեսողութեան քննութիւններ։

Այն փոքրերը կամ պատանիները, որոնք որոշ առողջապահական հարցեր ունին, շրջաբերականով մը պիտի խնդրուի իրենց ծնողներէն, ներկայանալ  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն, աւելի մանրակրկիտ քննութիւն եւ խնամք ստանալու համար: