Ս. Զատկուան Ձեռնարկ

Ս. Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի, «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներու , ԼՕԽ-ականնեու եւ բարեկամուհիներու:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն , անդրադարձաւ սոյն  ձեռնարկի նպատակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին քաջալերանքին :

Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. վեհափառը 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան Տարի», վարչութիւնը հրաւիրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հայր Վիգէն Աբղ. Տալգլըճեանը, որ խօսեցաւ ծառայասիրութեան մասին եւ անդրադարձաւ Ս. Զատիկը գունաւոր հաւկիթներով դիմաւորելու նպատակին:

Տեղի ունեցան հայկական ուտելիքներու հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն: Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: