Ազգ. Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի աշակերտները այցելեցին ԱՊԸԲ կեդրոն

Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեցին Ազգ. Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն եւ  Տնօրէնուհիին՝ Տիկ. Արեգնազ Աղասարգիսեանի։

Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի աշխատանքներուն, տարբեր բաժանմունքներուն եւ տրամադրուած սպասարկութիւններուն։

Աշակերտները դիտեցին տեսերիզ մը Կեդրոնի ընդհանուր գործունէութեան մասին, ապա շրջեցան Կեդրոնի բոլոր յարկերը եւ ինը բաժանմունքները, ու տեսան հոն տարուած գործունէութիւնը, բժշկական սպասարկութեան բարձր որակը եւ արդիական կազմածները։

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ տպաւորուած մեկնեցան ԼՕԽ-ի կեդրոնէն։