ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը՝ «Պահքի Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուհի Գալայճեան, իր բացման խօսքին ընդմէջէն, փոխանցեց նաեւ օրուան պատգամը ըսելով, թէ պահքի շրջանը լոկ կարգ մը ուտելիքներէ հրաժարում չէ , այլ ներողամտութեան, աղօթքի եւ հոգիի ու սրտի ազնուացման շրջան է: Ապա ընկհ. Գալայճեան հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը, որ հետաքրքրական բացատրութիւններ տուաւ բոյսերու եւ անասուններու աշխարհէն:
Հայկական Ճոխ երգերով ձեռնարկը խանդավառեց երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն:















