«Բարեկենդան»-ի տօնին առիթով  ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութիւնը, «Բարեկենդան»-ի տօնին առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2016-ին, «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ շուրջ ութսուն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ատէլ Դերձակեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը փոխանցելու որուան խորհուրդը:

Ընկհ. Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ, «Բարեկենդան»-ի նշանակութեան առընթեր, անդրադարձաւ  հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս հայրենիքի եւ մասնաւորապէս Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Ընկերուհին նկատել տուաւ նաեւ, թէ արեւմտահայերէնը, որ լեցուն է շատ գեղեցիկ բառերով, նահանջի մէջ է այսօր: Ան կոչ ուղղեց  պայքարելու գրիչով, մշակոյթով, խաչով, ի հարկին սուրով, ինչպէս նաեւ ունենալու աննկուն կամք եւ ուժ, դառնալու համար մէկ ժողովուրդ:

Երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան, իր ժողովրդական , աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ, որմէ ոգեւորուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները բաժնուեցան իրարմէ մաղթելով՝ «Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան»: