ԼՕԽ-ի «Զալքա» շրջանի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին համար աւանդութիւն դարձած է Բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել Հայկական ճաշերու պազար ձեռնարկ մը : Ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ կարծես կը սպասեն այդ օրուան իրենց ներդրումը ունենալու ԼՕԽ-ին:
Այս տարի եւս, Շաբաթ, 6 Փետրուար 2016-ին, Բարեկենդանի նախօրեակին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ Զալքա-ի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբը ժամադրավայր դարձած էր ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն , որոնք իրենց շնորհալի ճաշ եփելու ձիրքերով, պատրաստած էին համադամ ուտելիքներ, քաջ գիտակցելով որ իրենց օժանդակութեամբ պիտի սատարէին մասնաճիւղի ազգօգուտ գործունէութեան:
Հակառակ անբարենպաստ կլիմային եւ տեղատարափ անձրեւին, ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:





