ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբը աշխատանք կը տանի, առաւելագոյն չափով, ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ բաեսիրական գործի նուիրական նպատակը հանրութեան, ինչպէս նաեւ հասոյթ ապահովելու Շրջանային Վարչութեան:
Այս նպատակով, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016-ին, Ռապիէի «Guest House» սրահին մէջ, «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով, տեղի ունեցաւ յանձնախումբին կազմակերպած յատուկ հաւաքոյթը:
Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար՝ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պրն. Աշոտ Քոչարեան, Կիպրոսի պետական երեսփոխաններէն՝ Պրն. Վարդգէս Մահտէսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեան, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետ՝ Պրն. Անդրանիկ Մըսրլեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմնի ատենապետ՝ Տիկին Սեդա Խտըշեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, յարաբերական յանձնախումբի ընկերուհիները, ԼՕԽ-ականներ, հիւրեր եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող բարեկամներ:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Յասմիկ Սամուէլեան: Ան ներկայացուց ձեռնարկին նպատակը ըսելով , որ նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին հասնելու բազմապիսի կարիքներու, ըլլան անոնք աշակերտներ, ուսանողներ, ծերեր կամ հիւանդներ: Ընկհ. Սամուէլեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա հրաւիրեց ՀՀ սփիւռքի նախարար՝ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը փոխանցելու իր խօսքը: Տիկին Յակոբեան դրուատեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի գործունէութիւնը, գնահատեց ընկերուհիներուն կամաւոր աշխատանքն ու ծառայասէր ոգին եւ վեր առաւ հայ կնոջ դերակատարութիւնը մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պահպանման մէջ: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը եւ հրաւիրեց ներկաները ուղեւորուելու դէպի հայրենիք:
Օրուան սեղանապետ՝ Նժդեհ Մկրտիչեանի ծիծաղաշարժ մանրավէպերն ու սրահի երաժշտութիւնը խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները գնահատեցին ԼՕԽ-ի, յատկապէս յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:











