Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հիւանդութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամուհիները հրաւիրեց հանդիպումի մը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի ներկաները գնահատեց ԼՕԽ-ի ճամբով իրենց կատարած կամաւոր լայնածաւալ գործունէութեան համար`…
ԱւելինԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը՝ «Աշնանային Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30֊ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղիներէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներ, տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչ տիկիններ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ եւ հայաշէնցիներ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը հայթայթէ կարիքաւորներու եւ զանազան առիթներով օգտակար գիտելիքներ կը փոխանցէ անոնց: Առ այդ, կազմակերպեց «Մարմնի Մաքրութիւն» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կարիքաւորներու եւ ծերունիներու: Դասախօսութիւնը…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի…
ԱւելինԼՕԽ-ի « Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս կատարեց նախաճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ, Մարիա Չոլաքեանի, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօսի Յակոբեան…
ԱւելինՈսկին աշնան գոյնը չէ միայն. այլ աշնան լոյսը, բարիքները, առատութիւնն ու մանաւանդ տքնաջան աշխատանքի բարի ժպիտը: Արդ, Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2017-ին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս կը տիրէր բարձրաճաշակ, գունագեղ, գեղեցիկ ու հաճելի մթնոլորտ մը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, յատուկ ձեռնարկով մը կու գար տօնելու «Ոսկի Աշուն»ը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Անի Տիւքէնճեան: Ան հրաւիրեց տիկ. Ազատիկ…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար վերսկսան ներկայացնել առողջապահական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի երկարի մինչեւ Մայիս 2018: Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարքին…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի տօնակատարութիւններէն՝ «Տոհմիկ Երեկոյ»ն: Ձեռնարկին ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Աւետիս Կիտանեան, «جمعية انماء عنجر» -ի տնօրէն՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի ամառնային հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Փոքրիկ Զբօսաշրջիկները»: Աշակերտները սրահը զարդարած էին նիւթին պատշաճ, իրենց կողմէն պատրաստուած գծագրութիւններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, անդամուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին դէպի Ժպէյլի «Շամսին» փուռը, ուր մասնակիցները ունեցան իրենց նախաճաշը: Ապա շարունակեցին դէպի Թաննուրին վայելելու Պալուու Պալաա բնական տեսարժան վայրը, Տումայի՝ հին շուկան եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը դէպի Պէքաա, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30.ին: Առաջին կանգառը Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին էր, ուր մասնակիցները աղօթեցին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) նորընտիր վարչութեան կազմակերպած առաջին ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Աննա Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, շրջանի ընկերուհիներուն եւ…
ԱւելինԼՕԽ –ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) հաճելին ու օգտակարը միացնելով, 24 Օգոստս 2017-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Սաֆա»: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Տէր Էլ Ամար» ուր պտըտեցան մոմէ արձաններու «Մարի Պազ» թանգարանը: Ապա շարունակելով հասան «Այն…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Շուշանիկ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր գործունէութեան որպէս առաջին ձեռնարկ կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Պարուք», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի…
ԱւելինՀայկականութեամբ, հարազատ շունչով ու մթնոլորտով յատկանշուող Այնճարի հանդարտ մէկ հատուածին մէջ, բնութեամբ շրջապատուած, դիմացդ կը յայտնուի 2013-ին Գըլպաշեան ընտանիքին նուիրատուութեամբ կառուցուած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի սեփական շէնքը, որ կը կոչուի «ԼՕԽ-ի Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան», եւ որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2013-ին: Այս տարուան ծրագիրը ընթացք առաւ 24 յուլիսին եւ աւարտեցաւ 13 օգոստոսին`…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, նախարարութեան տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմարի, «Աքրիտիթէյշըն Քանատա» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ֆատի Ժարտալիի, երկուշաբթի, 14 օգոստոս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի մէջ գործող ութ ոչ կառավարական առողջապահական կեդրոններ պարգեւատրուեցան իբրեւ «Առողջապահական…
ԱւելինՀինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2017-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի « Արագած » մասնաճիւղի կազմակերպած պտոյտը դէպի Սայիտըթ Նուրիէ, Միզիարա ուխտավայրերը, որմէ ետք պտոյտին մասնակիցները կանգ առին Պնաշիի շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էի մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նազելի Աւագեան, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի հովուապետ Տէր Յակոբ քհն. Պզտիկեան, ձեռնարկի քաջալեր տիկիններ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ հայթայթելուն առընթեր, կը ձգտի զանազան ձեռնարկներով ուրախացնել եւ հաճելի պահեր շնորհել կարիքաւորներուն: Այս նպատակով կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պեքաա շրջանը , որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, յանձնախումբի եւ օգնական…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ շրջապտոյտ մը դէպի Զահլէ եւ Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտուն, պտոյտին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Պէքաայի Զահլէ քաղաքը: ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց զիրենք…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի Հիւսիսային Լիբանան, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 7:30-ին պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը 2016-2017 տարեշրջանի ընթացքին իր աշխատանքներու ծիրէն ներս, կազմակերպեց նաեւ դասախօսութիւններ հայկական վարժարաններէ ներս: Ընդառաջելով վարժարաններէն եկած առաջարկներուն, յանձնախումբի ընկերուհիները ներկայացան վարժարանները եւ փոխանցեցին առողջապահական գիտելիքներ: Տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները.- 10 Մարտ 2017-ին, «Սեռային դաստիարակութիւն (Արբունք)» թեմայով՝ դասախօսեց…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած «Առողջ Ապրելակերպ» թեմայով սեմինարներու շարքին վերջին հանդիպումը կայացաւ Ուրբաթ, 2 Յունիս 2017-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Առողջապահական յանձնախումբի անունով, ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, ողջունելով ներկաները ընդգծեց , որ յաջորդական չորս սեմինարները իրենց նպատակին ծառայեցին, երիտասարդ մասնակիցները…
ԱւելինԵրէկ` երկուշաբթի, 12 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը հայկական երգի ու երաժշտութեան հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանին հետ, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեան երգեց իր հին ու նոր երգերէն` խանդավառութեան, միաձուլուած ապրումներու, յուզումի, բաժանումի ու միացման, տարբեր տեսակի սիրոյ, պայքարի եւ այլ…
Աւելին






















