Դասախօսութիւն՝ «Հիւանդի Խնամք» նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար վերսկսան ներկայացնել առողջապահական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի երկարի մինչեւ Մայիս 2018:

 Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարքին առաջին դասախօսութիւնը, որու նիւթն էր «Հիւանդի Խնամք»ը, զոր ներկայացուց հիւանդապահուհի  Գարոլ Դերձակեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադաձաւ սոյն դասախօսական շարքի նպատակին մասին, ապա ներկայացուց օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը: Ան  նշեց, որ բոլորս կը գործածենք զանազան տեսակի դեղեր տարբեր հիւանդութիւններ դարմանելու համար, ուստի այս դասախօսութեամբ  պիտի իմանանք, թէ ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ ճշգրտութեամբ կարելի է օգտագործել դեղերը, առաւելագոյն չափով օգտուելու անոնց բարիքներէն:

 Գարոլ Դերձակեան դասախօսութեան սկսաւ ըսելով, թէ դեղերու գործածութիւնը մեր կեանքին  կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ այսօր: Ան նշեց, թէ հիւանդը պարտի կատարել բժիշկին թելադրանքները, դեղերը hետեւողական ձեւով, ճշգրտօրէն եւ ամէն օր նոյն ժամուն օգտագործել:

Դասախօսուհին գործնական օրինակներով բացատրութիւններ տուաւ, թէ  ի՞նչ դասաւորում կարելի է ընել երբ հիւանդը մոռցած է դեղը առնել:

Շարունակելով, ան նկատել տուաւ, թէ տարիքի յառաջացման հետ դեղերու գործածութիւնը կրնայ աւելնալ, յատկապէս քրոնիկ հիւանդութիւններու պարագային եւ փոխանցեց շարք մը թելադրանքներ:

ա-Հետեւիլ բժիշկին  ցուցմունքներուն եւ դեղը գործածել ճիշդ ձեւով:

բ-Դեղերու օգտագործումը  ըլլայ  բժիշկին թելադրութեամբ եւ ոչ դրացիին կամ բարեկամին:

 գ-Ունենալ դեղերու յատուկ տուփիկներ, որոնց մէջ նախապէս օրուան մը կամ շաբթուան մը դեղերը զետեղել եւ ապահովել դեղերու օրինաւոր եւ շարունակաբար գործածութիւնը:

դ-Դեղահատերը առնել բաժակ մը ջուրով եւ ո՛չ պտուղի հիւթով կամ կազային ըմպելիներով:

ե-Դեղերու բազմազանութեան պարագային, իւրաքանչիւր դեղի միջեւ ձգել որոշ ժամանակամիջոց մը:(նուազագոյնը 10 վայրկեան)

 Հոկտեմբեր 1-ը սուրճի միջազգային օրն ըլլալով, դասախօսուհին անդրադարձաւ նաեւ սուրճի թ՛է օգտակարութեան եւ թ՛է  անոր ժխտական ազդեցութեան  մեր մարմնի calcium-ին վրայ:

Աւարտին, ան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: