ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Հանդէս

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի ամառնային հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Փոքրիկ Զբօսաշրջիկները»: Աշակերտները սրահը զարդարած էին նիւթին պատշաճ, իրենց կողմէն պատրաստուած գծագրութիւններով եւ ձեռային աշխատանքներով:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսի բացման խօսքը կատարեց գրադարանի աշակերտներէն՝ Յովիկ Պետրոսեան: Ապա, երեխաները յաջորդաբար բեմ բարձրացան եւ արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով հանդիսատեսները փոխադրեցին երկրէ-երկիր, սկսելով Ֆրանսայէն, անցնելով Յունաստանէն, Սպանիայէն, եգիպտոսէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն հասնելով մինչեւ Հայաստան, արժանանալով հանդիսատեսներու ջերմ ծափահարութեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանէն ներս, դպրոցներու վերամուտին առընթեր կը սկսի սերտողութեան դրութիւնը, որմէ կ'օգտուին հայկական վարժարան յաճախող այն աշակերտները, որոնք իրենց դասերու պատրաստութեան համար հսկողութեան եւ օգնութեան կարիք ունին: Գրադարանի պատասխանասու Տիկին Արփի Շարլաքեան եւ ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեան կը պարապին անոնց հետ եւ բծախնդրութեամբ կը հետեւին դասերու պատրաստութեան:

Գրադարանէն ներս կը նշուին նաեւ կարգ մը հայկական աւանդական տօներ: Այս աշխատանքը կը կազմակերպուի եւ կը ներկայացուի ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ: Աշակերտներուն կը փոխանցուին այդ տօներուն մասին տեղեկութիւններ, կը ցուցադրուին պատրաստուած յատուկ տեսերիզներ, կ'իրագործուին ձեռային աշխատանքներ, կը կազմակերպուին հաւաքոյթներ եւ պտոյտներ:

Ամրան եղանակին, գրադարանը կը շարունակէ ընդունիլ աշակերտները, որոնք զերծ ըլլալով դասերու պատրաստութեան հեւքէն, ճնշումէն, աւելի հաճոյքով եւ խանդավառութեամբ կը յաճախեն գրադարան, ուր կը զբաղին ընթերցանութեամբ, դաստիարակչական ու ընկերային խաղերով եւ կը ստեղծագործեն գծագրութեամբ, երգով ու պարով: Ընթացքին, Տիկին Շարլաքեանի հսկողութեամբ կը պատրաստեն ամառնային հանդէսը, որ կը հանդիսանայ տարեշրջանի եզրափակիչ փուլը:

Հանդէսի աւարտին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ընկհ. Սեդա Մածունեան: Ան բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց գրադարանի գործունէութեան մասին նշելով, թէ 2018-ի Փետրուարին կ'ամբողջանայ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան  գրադարանի 25 ամեակը, որ արժանաւորապէս պիտի յիշուի յատուկ հանդիսութեամբ մը: Ան աւելցուց, «Ձեռնարկներով ու գեղեցիկ անակնկալներով գունագեղ տարի մը կ'ակնկալուի»: Ապա, ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց գրադարանի յանձնախումբի անդամներուն եւ աշխատակիցներուն, մաղթելով յաւելեալ ուժ ու կորով շարունակելու իրենց աշխատանքները: ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, իրենց ներկայութեան եւ ԼՕԽ-ին հանդէպ ունեցած վստահութեան համար եւ խորհուրդ տուաւ սիրել երեխաները, քաջալերել, գնահատել անոնց աշխատանքը, վստահութիւն ներշնչել, որպէսզի դառնան ինքնավստահ, առողջ ու երջանիկ:

Հանդէսը փակուեցաւ «Հայկական Բանակ» խմբերգով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: