Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի առաջին  ձեռնարկը՝ «Աշնանային Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30֊ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին  ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղիներէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներ, տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչ տիկիններ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ եւ հայաշէնցիներ։

 Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի`ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէն ետք փոխանցեց, թէ նման ձեռնարկներ յաճախակի կը կրկնուին, որովհետեւ ԼՕԽ-ի ուսերուն վրայ դրուած են հսկայական աշխատանքներ, որոնցմէ են  հոգալ  ծերերու, դեղեր ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներու կամ անհատներու, կրթական նուազագոյն յատկացումով մը օգտակար դառնալ աշակերտին, այս բոլորը իրենց հսկայ պահանջքներուն դիմաց թերեւս ջնջին երեւին, սակայն  ԼՕԽ-ի աշխատանքն ու կամաւոր ընկերուհիներու  ծառայութիւնը միշտ վեր կը դասուին եւ  կը գնահատուին :

 Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Օրուան բախտաւորները, ներկաներուն մէջ գտնուող տարեց մայրիկն  ու երիտասարդ մեծ մայրիկը, ինչպէս նաեւ ամենամօտիկ թուականին տադեդարձ ունեցողը նուէրներ ստացան:

Կատարուեցան    Նուիրատութիւններ  միութիւններէ եւ անհատներէ, ապա ուրախ մթնոլորտի մէջ  ձեռնարկը վերջ գտաւ: