Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հիւանդութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ, որ դասախօսութեան նիւթը հետաքրքրական է, որովհետեւ առնչուած է մեր ժողովուրդին` «Հայկական հիւանդութիւն»: Այս հիւանդութիւնը բացայայտուած է դարեր առաջ, եւ յոյն փիլիսոփաներ անդրադարձած են անոր: Որովայնի ցաւով եւ տենդով ընթացող հիւանդութիւն մըն է: Տարածուած է Միջերկրական ծովուն շուրջ ապրող ժողովուրդներու մէջ, ինչպէս` Իսրայէլ, Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան, Թուրքիա եւ Եգիպտոս: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութիւնը սկսաւ` նշելով, որ «Հայկական հիւանդութիւն»-ը ճանչցուած է նաեւ «Պարբերական հիւանդութիւն» եւ «Միջերկրականեան ընտանեկան տենդ» անուններով:
Այս հիւանդութիւնը զուտ ժառանգական ծինային հիւանդութիւն մըն է: Փոփոխութեան ենթարկուած ծինը կրնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ, սակայն հիւանդի ազգականներէն ոչ մէկը կրնայ տառապիլ այս հիւանդութենէն: Հիւանդի քոյրերուն եւ եղբայրներուն պարագային, հիւանդութեան առկայութեան հաւանականութիւնը 25 տոկոս է:
Եթէ հայկական հիւանդութիւն ունեցողը ամուսնանայ առողջ եւ փոփոխուած ծին չունեցող անձի հետ, զաւակները հիւանդութիւնը չեն ունենար, սակայն իրենց մէջ կը կրեն փոփոխուած ծինը:
Այս հիւանդութենէն հիմնականօրէն կը տառապին հայերը, հրեաները եւ թուրքերը:
Հիւանդութիւնը կը յատկանշուի պարբերաբար կրկնուող նոպայաձեւ տենդով: Ախտանշանները ի յայտ կրնան գալ որեւէ տարիքի, բայց ընդհանրապէս առաջին նոպան 18 տարեկանէն առաջ կ՛ըլլայ:
Նոպան, որ միջինը երեք օր կը տեւէ, կը յատկանշուի որովայնի, կուրծքի եւ յօդերու ցաւերով եւ բարձր ջերմութեամբ:
Նոպայի ժամանակ կատարուած արեան քննութիւններով կարելի է ախտորոշել հիւանդութիւնը, սակայն հիւանդութեան առկայութեան վերջնական ախտորոշման համար անհրաժեշտ է ծինային քննութիւն կատարել:
Հիւանդութիւնը վերջնական բուժում չունի, սակայն Colchicine կոչուող դեղի օգտագործումով կարելի է հիւանդութեան նոպաներու յաճախականութիւնը եւ ուժգնութիւնը նուազեցնել:
Այս դեղի օգտագործումով եւ ընդհանրապէս նոպաներու յաճախականութիւնը նուազեցնելով` կարելի կ՛ըլլայ կանխել նաեւ հայկական հիւանդութենէն յառաջացող հիմնական բարդութիւնը` ամիլոիտոզմը, որ հիմնականօրէն կ՛ախտահարէ երիկամները եւ կրնայ հասցնել մինչեւ երիկամներու լուացման փուլ:
Ձեռնարկի աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:





