ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած «Առողջ Ապրելակերպ» թեմայով սեմինարներու շարքին վերջին հանդիպումը կայացաւ Ուրբաթ, 2 Յունիս 2017-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Առողջապահական յանձնախումբի անունով, ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, ողջունելով ներկաները ընդգծեց , որ յաջորդական չորս սեմինարները իրենց նպատակին ծառայեցին, երիտասարդ մասնակիցները օժտեցին առողջապահական օգտակար գիտելիքներով եւ առիթ ընծայեցին անոնց 21-րդ դարու մտահոգիչ առողջապահական նիւթեր արծարծելու:
Օրուան առաջին դասախօսն էր հոգեբան Պետրոս Պալթայեանը, որ «Ընտանիքի անդամներու փոխ յարաբերութիւններ» նիւթով զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք իրենց կարգին անձնական մտահոգիչ հարցումներով աւելի մանրամասնեցին տուեալ թեման եւ ստացան մասնագիտական պատասխաններ:
Երկրորդ նիւթն էր «Ի՞նչ է ընկճուածութիւնը եւ ինչպէ՞ս դուրս գալ անկէ գծագրութեամբ եւ գոյներու միջոցով»: Նիւթին նախաբանը ներկայացուց յանձնախումբի անդամ՝ Ալիք Բագլայեանը: Ապա, արուեստագիտուհի Մանուէլլա կիրակոսեան մանրամասնօրէն բացատրեց գոյներու ու ձեւերու նշանակութիւնը եւ անոնց ներդաշնակութիւնն ու գործածութիւնը մեր առօրեայ կեանքէն ներս:
Երրորդը նիւթը՝ «Ընտանեկան Բռնութիւն», զոր ներկայացուց յանձնախումբի անդամ՝ տոքթ. Անահիտ Տէր Վարդանեանը: Ան ներկայացուց այն պատկերը, որ կրնայ յառաջանալ ընտանիքէն ներս բռնութեան կիրարկման հետեւանքով եւ ակնառու օրինակներով բացատրեց ու բացայայտեց այս տգեղ եւ այպանելի երեւոյթի բոլոր կողմերը:
Սեմինարի աւարտին կատարուեցաւ օրուան աշխատանքի արժեւորումը: Ներկաները, զիրենք հետաքրքրող նիւթեր առաջարկեցին, գալիք շրջանի սեմինարներուն համար:










