Լուրեր

Կաղանդի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, Զահլէի «Հայ կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երեխաներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկ: Կեդրոնին մէջ կը տիրէր բացառիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ, զոր ստեղծած էին շրջանի փոքրերը իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար : Տիկ. Լիզա Հէքիմեանի հետ ժամանած կերպարները, ներկաներուն ստեղծեցին ուրախ պահեր. երգեցին…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, Տիկին Ալիս Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ, հիւրեր եւ բարեկամուհիներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը , Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ական…

Աւելին
Տարեցներու Ամանորեայ Հաւաքոյթ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու տարեկան աւանդական Կաղանդի ձեռնարկը` աւելի քան 90 տարեցներու: Օրուան հանդիսավար Սեւան Ադամեան-Կարապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց…

Աւելին
Տարեցներու Ամանորեայ Հաւաքոյթ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի տարեցները, մէկը կաղալով, միւսը անթացուպով փութացին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կազմակերպած «Ամանորեայ Հաւաքոյթ»ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, բարերարութեամբ՝ Վրէժ եւ Տիգրան Գարաքէշիշեան եղբայրներուն, իրենց նորոգ հանգուցեալ մօր՝ Մարի Գարաքէշիշեանի յիշատակին: Տարեցներու կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւները…

Աւելին
Նոր Տարուան Ձեռնարկ

Այնճար հայաւանին մէջ արդէն կը տիրէ կաղանդի մթնոլորտ, մայր հրապարակի տօնական զարդարանքներով: Ուստի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը չէր կրնար Նոր Տարուան և Ս. Ծննդեան տօնախմբութենէն անմասն ձգել Այնճարի տիկիններն ու օրիորդները: Արդ, Ուրբաթ 15 Դեկտեմբեր 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ հաւաքուեցան ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, շրջանի…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Շաքարախտը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շաքարախտը» նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Կաղանդի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի «Աղբալեան» համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, սրահի բարերար՝ տիկին Հուրի Պապիկեանի, ՀՕՄ-ի նախկին ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մինասեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու…

Աւելին
ԼՕԽ-Կամաւորներու Օրուան Նշում. «Նոր Սերունդը Պէտք Է Այս Կամ Այն Ձեւով Մօտեցնենք Մեզի Եւ Պատրաստենք Կամաւոր Աշխատանքի», Հաստատեց Տոքթ. Իշխան Եղիայեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան, որ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի»ի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ աջակցութեամբ Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» կոմիտէին, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղը մեծ հանդիսութեամբ նշեց հիմնադրութեան 45-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, «Էտկար Ակնունի» կոմիտէն, շրջանի ազգային կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչները, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Հուրի Պաժիկեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին, Զալքայի «Տիուան Էլ Հաշէմ» ճաշարանին մէջ, Ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Դաշտանադադարէն Ետք Առողջական Հարցեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշտանադադարէն ետք առողջական հարցեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց կեդրոնի բժիշկներէն` կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս: Առողջապահական…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան(Թրատ) կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ ԼՕԽ-ի Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Անի Գէլխաչերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ նեցուկին համար, որոնց շնորհիւ…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած Նոր Տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ներկայացուցիչներու ,ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհիներու, հրաւիրեալներու եւ մեծաթիւ բարեկամուհիներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Ուաննէս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ…

Աւելին
Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Մարօ Չուխատարեանին, հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառք: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Պոյաճեան: Ան իր…

Աւելին
ԼՕԽ-ը Կրթանպաստ Տրամադրեց 264 Աշակերտներու

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 50-Ամեակ

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (ժպէյլ) հիմնադրութեան 50-Ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, մասնաճիւղիս մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ընկհ. Մարօ Թազեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներու, քոյր…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց երգիչ Նշան…

Աւելին
Նախազգուշական Արշաւ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Herb Med դեղի ընկերութեան, արեան տկարութիւնը ճշդելու նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն յաճախ ներկայ գտնուող շուրջ 70 անձեր: Herb Med ընկերութեան դեղագործուհի՝ Էլզա Վարդապետեան բացատրութիւններ տուաւ…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնճիւղի վարչութեան (Մար եուսէֆ), Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօս՝ օրդ. Սարին Շէկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան խոհանոցի անձեռոցներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց տոքթ. Քարլոս Եունես: Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ

Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, կազմակերպեց առողջապահական նիւթերով դասախօսութիւններ: Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2017 -ի առաւօտեան ժամը 11:00 ին, կեդրոնին մէջ: Յանձնախումբին անունով ընկհ. Սիլվա Գըլըճեան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ նորաւարտ տոքթ. Սեդրակ Մելքոն Գույումճեանը: Տոքթ. Գույումճեան բացատրութիւններ տուաւ ամրան եղանակին պատահող զգայնոտութիւններու և անոնց հետ կապուած…

Աւելին