Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Herb Med դեղի ընկերութեան, արեան տկարութիւնը ճշդելու նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն յաճախ ներկայ գտնուող շուրջ 70 անձեր:
Herb Med ընկերութեան դեղագործուհի՝ Էլզա Վարդապետեան բացատրութիւններ տուաւ մանակիցներուն արեան տկարութիւնը յայտնաբերելու անհրաժեշտ քննութիւններուն, արեան բաղադրիչ մասնիկներուն, ինչպէս կարմիր գնդիկներ (Hemoglobin), արեան խտութիւն (Hematocrit), որոնք կարեւոր են, որ բնական չափանիշներու վրայ գտնուին, որպէսզի անձը արեան տկարութենէ եւ անոր յառաջացուցած բարդութիւններէն (ընդհանուր տկարութիւն, յոգնածութիւն, սրտի արագ տրոփում, գլխացաւ, գլխապտոյտ) հեռու մնայ:
Դեղագործուհին փոխանցեց նաեւ, թէ այն անձերուն մօտ, որ արեան տկարութիւն պիտի յայտնաբերուի, կեդրոնի բժիշկ՝ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան պիտի հետեւի անոնց դարմանումին եւ արեան տկարութեան առիթ տուող հիւանդութեան համապատասխան բուժում պիտի նշանակէ, դեղերու միջոցով:
Առողջապահական յանձնախումբը նախանձախնդիր է մեր ժողովուրդին առողջական վիճակով եւ իր կազմակերպած դասախօսութիւններուն եւ սեմինարներուն կողքին կը միտի յաճախ նոյնանման արշաւներ կազմակերպել, հիւանդութիւնները կանխօրօք յայտնաբերելու եւ բուժելու նպատակով:









