Դասախօսութիւն` «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց տոքթ. Քարլոս Եունես:

 Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ ըսաւ, թէ մորթը օրկան մըն է, կը ծածկէ մեր մարմինը, իսկ մազերը կ՛երեւին մեր մարմնին որոշ տեղեր, որոնք  կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այդ փոփոխութիւններու պատճառները կրնան ըլլալ  տարիքի յառաջացում կամ որոշ հիւանդութիւններ, որոնց պիտի անդրադառնայ դասախօսը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը:

Տոքթ. Քարլոս Եունես դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ նշեց, որ տարիքի յառաջացման հետ մեր մարմնի անդամները եւ յատկապէս մորթը կը կրեն զանազան փոփոխութիւններ: Ան մորթի կազմութեան պատկերին վրայ ցոյց տուաւ մորթին  խաւերը, մազերակները եւ աւելցուց, որ երբ մարմնին քոլաժենը եւ էլասթինը չքանան, պատճառ կը դառնան մորթի թուլացման, չորացման եւ կնճիռներու յառաջացման: Տարիքի յառաջացման հետ նաեւ մորթը կը կրէ գոյնի փոփոխութիւններ, եւ ճերմակ, սեւ կամ սրճագոյն արատներ կը յայտնուին անոր վրայ:

Բժիշկը յայտնեց, որ կնճիռներու յառաջացման պատճառները կրնան ըլլալ արեւի ճառագայթները եւ քոլաժենի ու էլասթինի պակասը: Անոնց յառաջացումը կանխարգիլելու կամ ուշացնելու  համար հարկ է`

– Զգուշանալ երկար ժամանակ արեւի տակ մնալէ, յատկապէս` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
– Օգտագործել արեւի ճառագայթներէն պաշտպանուելու յատուկ սերեր:
– Գլուխը ծածկել գլխարկով:

Բժիշկը շարունակեց` ըսելով, որ դարձեալ տարիքի յառաջացումը պատճառ կը հանդիսանայ, որ  մորթը աստիճանաբար սկսի չորնալ, յատկապէս` ձմրան շրջանին, որուն պատճառով կը յառաջանայ քերւըտուք: Քերելը  պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին տակ գտնուող մազերակները վնասուին, եւ կապոյտ արատներ  յայտնուին: Այս երեւոյթը վտանգաւոր չէ: Քերւըտուքի  պարագային եւս օգտագործել յատուկ սերեր, քիմիական նիւթեր չպարունակող օճառներ եւ կրել բամպակէ զգեստներ:

Երբ որոշ տարիքէ մը ետք մորթին վրայ արատներ յայտնուին եւ այդ արատները սկսին մեծնալ կամ գոյն փոխել, անմիջապէս դիմել բժիշկին: Մորթէն աւելի բարձր խալերու յայտնութեան  պարագային, որոշ քննութիւններու ենթարկուիլ` բարդ հիւանդութիւններու առաջքը առնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի հերաթափութեան, դասախօսը ըսաւ, որ մազը կ՛անցնի երեք փուլերէ: Առաջին փուլը կը տեւէ 3-5 տարի, որուն ընթացքին մազը սնունդ կ՛առնէ եւ կ՛երկարի: Երկրորդ փուլը` յաջորդ մէկ ամիսը, երբ  սնունդ չ՛առներ, իսկ երրորդը` յաջորդող 4-5 ամիսները, որուն ընթացքին  կը սկսի թափիլ, սակայն նորը կը փոխարինէ թափած մազը: Օրական 50 թել մազ թափիլը բնական երեւոյթ է: Անբնական հերաթափութեան պատճառներն են`

– Արեան մէջ երկաթի, կենսանիւթերու, այոտինի կամ զինկի պակասը,
– Շաքարախտը,
– Գեղձերու անբնական աշխատանքը,
– Քիմիական դեղերը:

Դասախօսութեան աւարտին բժիշկը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: