Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ աջակցութեամբ Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» կոմիտէին, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղը մեծ հանդիսութեամբ նշեց հիմնադրութեան 45-ամեակը:
Հանդիսութեան ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, «Էտկար Ակնունի» կոմիտէն, շրջանի ազգային կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչները, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ անդամուհիներու հոծ բազմութիւն մը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ Մարինա Փաչանեան, մինչ ետին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր մասնաճիւղի գործունէութեան պատկերներ: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալոււստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց , թէ 45 տարիներ շարունակ իրերայաջորդ վարչութիւններ ծառայած են շրջանին՝ նեցուկ կանգնելով բոլոր կարիքաւորներուն, սաներուն, ծերերուն, ան վարչութեան անունով խոստացաւ՝ անխափան շարունակել սոյն առաքելութիւնը:
Ապա, հերթաբար գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Սալբի Քէօշկերեան՝ քանոնի վրայ, Արազ Էլէյճեան՝ ասմունքով եւ Յակոբ Գելուկեան՝ տուտուկով, բուռն ծափահարութեամբ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Մարալ Մխճեան խօսք առնելով շնորհաւորեց մասնաճիւղի 45-ամեակը, յորդորեց շրջանի բոլոր անդամուհիները համախմբուելու վարչութեան շուրջ օժանդակելու շարքերու երիտասարդացման: Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ՝ Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան շնորհաւորեց մասնաճիւղի 45-ամեակը եւ հաստատեց, թէ կոմիտէն միշտ եղած է ու կը մնայ զօրավիգ ԼՕԽ-ին, որովհետեւ այդ իր պարտաւորութիւնն է:
Օրուան պատգամաբերն էր գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս.Բարիքեան: Ան ըլլալով շրջանի զաւակ, հարազատօրէն անդրադարձաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանի փառահեղ օրերուն, հրաւիրեց ներկայ անդամուհիները աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենալու մասնաճիւղի բոլոր գործունէութեանց մէջ: Ան որպէս օրինակ՝ Հռիփսիմէ (Լոլա)Սասունիի կեանքէն դրուագներ ներկայացուց՝ ինչպէս «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկումը եւ առաջարկեց անոր օրինակին հետեւիլ: Իր խօսքին աւարտին սրբազան հայրը շեշտեց, թէ «ԼՕԽ-ը առաքելութիւն է ինչպէ′ս հոգեւորականութիւնը, ուստի այն հայ կինը, որ չ'անցնիր ԼՕԽ-ի ուղիէն պակասաւոր է»:
Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ յուշանուէրներու յանձնում: Սրբազան հայրը փոքրիկ խաչեր նուիրեց ներկաներուն: Ապա կատարուեցաւ 45-ամեակի կարկանդակի հատում եւ վարչութեան ընկերուհիներուն ձեռամբ պատրաստուած ճոխ հիւրասիրութիւն:




















