Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը , Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
ԼՕԽ-ի քայլերգը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որ քաջալերելով ձեռնարկը աւելի մէծ թիւով ներկայ գտնուած են, Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացած են սոյն ձեռնարկին յաջողութեան: Ան բացման խօսքին մէջ խնդրեց, որ նոր տարուան սեմին ամէն մէկ անհատ ետդարձ ակնարկ մը նետէ եւ մտածէ, թէ ինչ բարիք գործած է անցնող տարուան ընթացքին , իսկ եթէ ոչ՝ գալիք տարուան մէջ կատարէ զայն , որպէսզի սրտի գոհունակութիւն ունենայ բարեսիրական գործեր կատարելով: Ընկերուհին թելադրեց, որ գալիք օրերուն սրտի գոհունակութեամբ ուտեստեղէններ պատրաստենք եւ զարդարենք մեր Կաղանդի սեղանները .պայման չէ անոնց քանակը, կարեւորը՝ հարազատներով խմբուած, սիրալիր ժամեր անցնենք եւ նոր տարին դիմաւորենք նոր յոյսերով ու նոր երազանքներով....
Ապա հերթաբար ընթերցեց Քամառ Քաթիպայէն՝ «Երնէկ Թէ Այս Նոր Տարին»,
Մետաքսէէն՝« Նոր Տարուայ Գիշեր» եւ Զեմֆիրա Սարգսեանէն ՝ «Դուք Գիտէ՞ք Արդեօք Հասցէն Ձմեռ Պապին» քերթուածները: Ընկերուհին որոշ բացատրութիւններ տուաւ տօնածառի ծագումին եւ անոր հետ առընչուող զարդարանքներու իմաստներուն մասին: Ան խօսեցաւ նաեւ ամանորի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին:
Վարչական ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած ճաշի սպասարկումէն ետք ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ ներկաներուն հետ միասնաբար երգելով ու պարելով ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեց: Ան նուէրներ բաժնեց բոլորին եւ հրաժեշտ տալով մեկնեցաւ:
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ, տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները հիւրասիրուեցան ամանորի առիթով պատրաստուած անուշէղենով եւ սուրճով: Բոլորը ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:







