Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, Տիկին Ալիս Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ, հիւրեր եւ բարեկամուհիներ:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպչական յանձնախումբի ընկերուհին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց, թէ ինչ պայմաններու տակ հիմնուած են ՀՕՄ-ը 1910-ը թուականին եւ ԼՕԽ-ը՝ 1930-ին:

Երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան աշուղական եւ Սուրբ Ծննդեան երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Նեկաները առաւել խանդավառուեցան կաղանդ պապուկին ժամանումով:

Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ հիւրասիրութիւն: