Լուրեր

Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 19 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Տնտեսագիտութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան 1985-1990 թուականներու փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանը: Բացման խօսքով հանդէս…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Տեառընդառաջ» Տօնին Առիթով

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ , Երեքշաբթի 13 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով նախաճաշ-ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Իսկուհի Գաբլանեանի, հրաւիրեալներու եւ թաղեցիներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ.Շաքէ Պաղտասարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերելով վարչութեան աշխատանքները ներկայ էին ձեռնարկին: Ապա…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Սիրոյ Սեղան»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտի) վարչութիւնը իր 2018 տարուան առաջին ձեռնարկը՝ «Սիրոյ Սեղան» կատարեց Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, «Անի» ակումբին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ակումբի բարերար՝ պրն. Ներսէս Տէտէյեանի յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ, ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Վարդապետեան շեշտը դրաւ հոգեկան խաղաղութեան վրայ: Ապա, Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլ քհն…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝«Լուսնոտութիւն» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսնոտութիւն» (Epilepsy) նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան ։ Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան (Մար Եուսէֆ), Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով , ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ տիկ. Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու…

Աւելին
«Մեծ Պահքը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

Երէկ` հինգշաբթի, 15 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Արամեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ խոհանոցը հիմնուած է 2004-ին: Ծրագիրը սկսած է փոքր թիւով ծերունիներու ճաշ պատրաստելով, ապա քանի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու յաջորդական դասախօսութիւններ, մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ: Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, դարմանատան բժիշկներէն տոքթ. Համզէ Մազլումի կողմէ, որ խօսեցաւVitamin D-ի կարեւորութեան մասին, յատկապէս 35 տարիքը անց կանանց մօտ: Երկրորդ դասախօսութիւնը՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին, նորաւարտ սննդագէտ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Ճաշի Պազար:

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը աւանդութիւն դարձուցած է բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել հայկական ճաշերու պազար: Շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, իրենց համադամ ճաշ եփելու հմտութեամբ կը սպասեն այդ օրուան, որ օգտակար դառնան ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Վարչական ընկերուհիներ, շրջանի գործօն ընկերուհիներու օժանդակութեամբ, պատրաստեցին բարեկենդանի պազարի ճաշերը: Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին Գարեգին Նժդեհ ակումբը եռուզեռի մէջ էր…

Աւելին
Ցուցահանդէսի Մասնակցութիւն

Կազմակերպութեամբ YMCA-ի, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայկակայ Աւանդական Ցուցահանդէս մը, որուն մասնակցեցաւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը՝ ցուցադրելով հայկական ասեղներ եւ ձեռայիններ: ԼՕԽ-ի մասնակցութիւնը յատկանշական եւ իւրայատուկ կերպով դրուատուեցաւ կազմակերպիչ կողմերէն:

Աւելին
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի երդման յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին 175 հայուհիներ ուխտեցին սիրայօժար կերպով…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Արեան Գերճնշում» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշում» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ «Արեան գերճնշում»-ը…

Աւելին
Տնային Բռնութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տնային Բռնութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Էլ. Էյ. Եու» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի…

Աւելին
«Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցը» նիւթով, որ ներկայացուց դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղարիպեան: Նախ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով առողջ, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը մաղթեց` խնդրելով Աստուծմէ, որ մեր ազգին հիմքերը…

Աւելին
Փառատօնի Մասնակցութիւն

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-էն-7։00, մասնակցեցաւ «Հպարտ Ենք Պուրճ Համուտով-Հանդիպում Մարաշի Թաղին Մէջ» խորագրով փառատօնին, որ կազմակերպուած էր «Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման» յանձնախումբին կողմէ։

Աւելին
Առողջապահական  Սեմինար

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առռղջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց «Առողջ Ապրելակերպ»-ի սեմինարներու երկրորդ շարքը, բաղկացած հինգ սեմինարներէ, որ տեղի պիտի ունենան ամսական դրութեամբ եւ շարունակուին մինչեւ Մայիս 2018: Սոյն սեմինարները կը միտին ԼՕԽ-ի երդիկին տակ համախմբել 25-45 տարեկան հայուհիներ, անոնց փոխանցել ո'չ միայն առողջապահական, ընկերային եւ հոգեբանական գիտելիքներ…

Աւելին
Բժիշկներու Կաղանդ

Կա՞յ արդեօք այնքան հաճելի պահ, երբ մարդ արարածը դուրս կու գայ իր առօրեայէն ու միօրինակութենէն: Ահաւասիկ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, ստեղծեցին այդ ուրախ պահը, ընթրիքի հրաւիրելով դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառաող բժիշկներն ու իրենց ընտանիքները: Արդ, «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին պարզած կաղանդի մթնոլոտն ու ընկերուհիներուն կողմէ…

Աւելին
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, շրջանի ակումբէն ներս: Ձեռնարկը կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել: Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվի Առաքելեան: Ձեռնարկը ընթացաւ երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Զգալի…

Աւելին
«Փոքրերու Կաղանդ»-ի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած «Փոքրերու Կաղանդ»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, յետմիջօրէին ժամը 3:00-ին, «Հարտիզ» ճաշարանին մէջ: 43 փոքրիկներ միասնաբար ուրախացան, խաղացին եւ տօնական մթնոլոտի մէջ հաճելի պահեր անցուցին: Ապա Կադանդ պապուկը ժամանեց եւ նուէրներ բաժնեց բոլորին:

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Art Therapy» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2017-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Art Therapy» (Արուեստի միջոցով դարմանում) նիւթով, զոր ներկայացուց դոկտ. Անիթա Թութիկեան: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անունով ընկհ. Վարդի Մարտիրոսեան…

Աւելին
Աւանդական Տօնավաճառ

ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառին վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առիթով վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ′…

Աւելին
Կաղանդ Պապուկի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էհլանի» հանդիսասրահէն ներս կատարեց Կաղանդ Պապուկի ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ, Մարիա Չոլաքեան, ընկհ. Մակի Խաչերեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, անդամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Այցելութիւն ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տուն

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ հոն ապաստանած ծերունիներուն հետ: Ընկերուհիները ասմունքով ու երգերով հաճելի պահեր ունեցան անոնց հետ եւ նուէրներով ուրախացուցին զանոնք:

Աւելին
Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» ակումբէն ներս: Ձեռնարկի բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարինա Փաչանեան: Ան բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց փոքրիկներուն, ապա հրաւիրեց «Բարեւ Փոքրիկներ» խումբը, որ խաղերով եւ անակնկալներով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ: Կաղանդ…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա…

Աւելին