ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առռղջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց «Առողջ Ապրելակերպ»-ի սեմինարներու երկրորդ շարքը, բաղկացած հինգ սեմինարներէ, որ տեղի պիտի ունենան ամսական դրութեամբ եւ շարունակուին մինչեւ Մայիս 2018:
Սոյն սեմինարները կը միտին ԼՕԽ-ի երդիկին տակ համախմբել 25-45 տարեկան հայուհիներ, անոնց փոխանցել ո'չ միայն առողջապահական, ընկերային եւ հոգեբանական գիտելիքներ, այլ նաեւ այժմէական եւ հետաքրքրական նիւթեր, առընչուած իրենց զաւակներուն հետ, որովհետեւ իգական սեռին դերակատարութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի հայ ընտանիքէն ներս:
Շարքին առաջին սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 17 Յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԱՊԸԲ կեըդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 23 մասնակիցներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ.-«թէեւ բոլորս զիրար չենք ճանչնար, սակայն մեզ համախմբողը ԼՕԽ-ն է, որ 1930 թուկանէն ի վեր կը ծառայէ լիբանանահայ գաղութին»: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի պատմականին, ներկայացուց 26 մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը, բացատրեց սեմինարներուն նպատակն ու ընթացքը, քաջալերեց երիտասարդուհիները անդամագրուելու եւ միանալուԼՕԽ-ի շարքերուն, որովհետեւ հոն ծառայելով պիտի ունենան հոգեկան մեծ գոհունակութիւն: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր յաջողցնելու սոյն ծրագիրը:
ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան, իր կարգին հետաքրքրական խաղով մը ներկաները ծանօթացուց իրարու, որմէ ետք տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան խօսեցաւ իգական սեռին առողջական վիճակին մասին, ծնունդէն մինչեւ արբունքի շրջան, ապա մինչեւ ծերութիւն, անդրադառնալով բոլոր այն հիւանդութիւններուն եւ համապատասխան տարրալուծարանային քննութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են երիտասարդուհին առողջ պահելու համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց նախամուսնական քննութիւնները, յղութեան շրջանին բժիշկին հսկողութիւնը, պարբերաբար բժիշկին այցելութիւնը, որոշ քննութիւններու պարտադիր ըլլալը եւայլն:
Մասնակիցները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան, հարցումներ հարցուցին եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ:
Սեմինարի երկրորդ բաժնով, տոքթ. Ալինա Քէշիշեան ներկայացուց մորթի կառուցուածքը եւիւրաքանչիւր մասի դերակատարութիւնը: Ան խօսեցաւ դէմքի մորթին մասին եւ առողջ ու փայլուն դէմք մը ունենալու համար, անդրադարձաւ քունի եւ ուտելիքներու կարեւորութեան: Թելադրեց շպարը ճիշդ ձեւով, մաքուր ձեռքերով եւ մաքուր վրձիններով օգտագործել: Ապա, թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէններ օգտագործելով, պատրաստեց դէմքի օգտակար ծեփուկներ եւ դիմակներ (Masks):
Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան գնահատեց երիտասարդուհիներուն ներկայութիւնը, արդրադարձաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Մասնակիցները արժեւորելով սեմինարը, զայն գտան շատ հաճելի եւ օգտաշատ: Խոստացան կրկին հանդիպիլ յաջորդ սեմինարին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Փետրուար 2018-ին:























