ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ , Երեքշաբթի 13 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով նախաճաշ-ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Իսկուհի Գաբլանեանի, հրաւիրեալներու եւ թաղեցիներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ.Շաքէ Պաղտասարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերելով վարչութեան աշխատանքները ներկայ էին ձեռնարկին: Ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի, Բարեկենդանի եւ Մեծ Պահքի սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն եւ խորհուրդներուն մասին: Ան թուեց այս տօներու այն սովորութիւնները, որոնք մինչեւ օրս տակաւին կը պահուին եւ ինչ ձեւով կը գործադրուին իբրեւ աւանդութիւն , սկսեալ ուտելիքներէն եւ խաղերէն:
Ձեռնարկին ներկայ հայուհիի մը ծննդեան տարեդարձը կը զուգադիպէր այդ օրուան: Ան փափաք յայտնած էր վարչութեան իր ուրախութիւնը բաժնել ներկաներուն հետ: Վարչութիւնը ընդառաջելով անոր փափաքին, ձեռնարկի ընթացքին հատեց անոր ծննդեան տարեդարձի կարկանդակը եւ հիւրասիրեց ներկաները ձեռնարկի հիւրասիրութեան կողքին:
Ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ հայկական հանելուկներու խաղ մրցումներ:










