Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» ակումբէն ներս:

Ձեռնարկի բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարինա Փաչանեան: Ան բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց փոքրիկներուն, ապա հրաւիրեց «Բարեւ Փոքրիկներ» խումբը, որ խաղերով եւ անակնկալներով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ:

Կաղանդ պապուկին ժամանումով, փոքրիկներուն ուրախութիւնը հասաւ գագաթնակէտին: Անոնք երգեցին, պարեցին, նկարուեցան կաղանդ պապուկին հետ, ստացան իրենց նուէրները եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: