Դասախօսութիւն՝ «Art Therapy» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2017-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Art Therapy» (Արուեստի միջոցով դարմանում) նիւթով, զոր  ներկայացուց դոկտ. Անիթա Թութիկեան:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անունով ընկհ. Վարդի Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները ըսելով, որ դաստիարակչական յանձնախումբը կը ձգտի պահպանել Հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, կը կազմակերպէ մանկավարժական, կնոջական, հայապահպանման եւ հոգեբանական նիւթերով դասախօսական շարքեր:

Ապա  ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ դոքթ. Անիթա Թութիկեանի կենսագրական գիծերը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:

 Դոկտ. Անիթա Թութիկեան դասախօսութեան սկսաւ նշելով, որ «Art Therapy» նիւթը իրեն համար հաճելի է, մանաւանդ հայկական միջավայրի մէջ: Ան նախ հարց տուաւ թէ ի՞նչ է արուեստը, ապա ըսաւ, որ արուեստը միջոց մըն է դարմանումի, մեր առօրեան աւելի լաւ զգալու, ըմբռնելու, իրականութեան եւ կարելիութեան միջոցով: Art Therapy-ն նոր ասպարէզ մըն է, որուն  արմատները կու գան մարդկային սկզբնական օրերէն, մեր ժառանգած սովորական զբաղումներն ալ՝ ձեռագործ, ճաշ, կար, հիւսք այս բոլորը «Art Therapy» են: Հին ժամանակներէն իսկ մարդիկ իրենց հոգեբանական հարցերը կը փորձէին լուծել երգով, պարով, գծագրութեամբ: Ան նշեց, որ հոգեբաններ յայտնած են, թէ վերոյիշեալ  տուեալները օգտակար եղած են բարելաւելու մարդկային հոգեկան վիճակը:  

 Art Therapy-էն կ'օգտուին  հիւանդութիւններէ  ապագինման շրջանին մէջ եղող, հոգեկան խանգարումներ ունեցող ինչպէս՝ անձկութիւն, ջղագրգռութիւն... եւ ուրիշին նեցուկին պէտք ունեցող անձեր:

Ապա բացատրողականէն գործնականին անցնելով, ներկաներուն բաժնեց թուղթ, մատիտ եւ ներկեր եւ խնդրեց, որ իւրաքանչիւրը գծէ եւ ներկէ տուն մը, ծառ մը եւ մարդ մը, որովհետեւ գոյներն ալ իրենց հոգեբանական իմաստը ունին:

Աւարտին, ան տուաւ գծագրութիւններուն եւ գոյներուն իմաստի մանրամասնութիւններ: