Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան (Մար Եուսէֆ), Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով , ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ տիկ. Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու:

Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան խոհանոցի անձեռոցներ, ինչպէս նաեւ ծաղիկներ տրամադրուած ծաղկավաճառ Անթոնիին կողմէ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատեմապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, բացման խոսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնց քաջալերանքով կը յաջողին նման ձեռնարկներ:  Ապա հրաւիրեց  երգչուհի՝ տիկին Կարինէ Անդրանիկեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով խանդավառ եւ  ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, երկու բախտաւորներ ստացան արժէքաւոր նուէրներ: եղան սրտաբուխ նուիրատուբութիւններ եւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի վիճակահանութիւնը:

 Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ բաժնուեցան սրահէն: