Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսնոտութիւն» (Epilepsy) նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան ։
Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան։ Ան ներկայացուց օրուան դասախօսութեան նիւթը եւ ըսաւ, որ «Լուսնոտութիւն»ը նիարդային համակարգի քրոնիք հիւանդութիւն է, որ կը դրսեւորուի կարճատեւ նոպաներով: Նոպաներուն պատճառը ուղեղի բջիջներու անկանոն աշխատանքն է եւ թէ ինչո՞ւ տեղի կ'ունենան, մինչեւ օրս պարզուած չէ բժշկագիտութեան մէջ: Վիճակագրական տուեալնել ցոյց կու տան, թէ աշխարհի բնակչութեան 0.9%-ը կը տառապի լուսնոտութենէ: Ապա, ընկհ. Վարդապետեան հրաւիրեց օրուան դասախօսը ներկայացնելու դասախօսութիւնը:
Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ եւ նշեց, որ լուսնոտութիւնը՝ ուղեղի հիւսուածքին մէջ ելեկտրական խանգարում է, որ պատճառ կ'ըլլայ կրկնուող նոպաներու եւ կ'արտայայտուի երկու ձեւերով՝
- Ցնցումներով (Epilepsy convulsion)
- Ջղաձգութեան նոպաներով (Epilepsy seizure)
Տոքթ. Չպուքճեան բացատրեց իւրաքանչիւր ձեւը ըսելով, որ ցնցումները անբնական, ակամայ մկանային կծկումներ են ընդհանուր մարմնին վրայ, յատկապէս՝ ձեռքերուն եւ ոտքերուն, որոնք կը սկսին անակնկալօրէն, առանց որեւէ ախտանշանի, իսկ ջղաձգութեան նոպաները կ'արտայայտուին մարմնական ցնցումներով, զգայնութեան խանգարումներով, գիտակցութեան կորուստով, մտածողութեան խանգարումներով...
Դասախօսը շարունակելով թուեց լուսնոտութեան պատճառները՝
- Բնածին արատներ
- Ուղեղի թթուածինի սնուցման դադար
- Ուղեղի կաթուածներ
- Ուղեղի սուր վէրքեր (արկածներու պատճառով)
- Ուղեղի բջիջներու բորբոքում
- Ուղեղի հիւսուածքներու փոփոխութիւն
Ան թուեց նաեւ լուսնոտութեան տեսակները՝
- Առանց որեւէ ջղաձգային նոպայի լուսնոտութիւն- կը պատահի մանուկներու մօտ, հիւանդը մի քանի երկվայրկեան կ'անջատուի իր շրջապատէն, նայուածքը մէկ ուղղութեամբ, չ'զգար, չի լսեր, չի տեսներ:
- Մասնակի լուսնոտութիւն- ելեկտրական խանգարումը կ'ըլլայ ուղեղի մէկ մասին վրայ:
- Համատարած լուսնոտութիւն- անբնական ցնցումներով հիւանդը գետին կ'իյնայ, նայուածքը մէկ ուղղութեամբ, գիտակցութիւնը կը կորսնցնէ, բերնին մէջ լորձունքը կ'աւելնայ, միզամանի եւ աղիքներու թուլութիւն կ'ունենայ: Եթէ նոպաները հինգ վայրկեանէն աւելի երկարին, հարկ է հիւանդը հիւանդանոց փոխադրել:
Դասախօսը ներկայացուց նաեւ ախտաճանաչման երեք ձեւերը եւ շեշտեց, որ բոլորը միասին պէտք է կատարել: Ձեւերն են՝
- Արեան քննութիւն
- Ուղեղի ժապաւէն
- CT scan կամ MRI քննութիւն
Ան անդրադարձաւ նաեւ լուսնոտութեան բուժումին մասին՝
- Դեղերով բուժում
- Nerve stimulation
- Վիրաբուժութիւն
- Յատուկ սննդականոն
Ինչպէ՞ս պէտք է օգնել լուսնոտ հիւանդին նոպայի ընթացքին՝
- Հանգիստ եւ կողմնակի պառկեցնել զայն, որպէսզի լորձունքը դուրս թափի եւ թոքերուն երթալով չխեղդուի:
- Որեւէ սուր առարկայ չձգել հիւանդին մօտ:
- Չփորձել հիւանդին դեղ կամ ջուր խմցնել:
Դասախօսութեան վերջին բաժնով, դասախօսը յանձնարարեց, որ բժիշկին պէտք է դիմել՝
- Երբ հիւանդին առաջին նոպան է:
- Երբ կը կասկածինք, թէ ցնցումները լուսնոտութեան հետեւանք են:
- Երբ նոպաները հինգ վայրկեանէն աւելի տեւեն:
- Երբ նոպաներուն պատճառով հիւանդը վիրաւորուած է:
- Երբ հիւանդը յղի է:
Եզրափակելով, տոքթ. Չպուքճեան յայտնեց, թէ յիշեալ հիւանդութէնէն տառապող անձը բնական կեանք մը կ'ապրի, եթէ բժիշկին յանձնարարած դեղերուն ճշգրտօրէն հետեւի: Ապա, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:






