Լուրեր

«Մեր Քուէն Մեր Ժողովուրդին Ինքնութիւնը, Հայկականութիւնը, Ազատութիւնը Եւ Ամրութիւնը Ապահովելու Քուէ Է» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պրանչ, ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուներուն` Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շրջանի ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, ԼՕԽ-ական եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտներուն պտոյտը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրին, գրադարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ գրադարանի յանձնախումբին եւ պատասխանատուին ուղղուեցան դէպի Սիթի Մոլ։ Անոնք միասնաբար ճաշեցին, ապա շրջեցան վաճառատան մէջ, յետոյ մտան շարժապատկերի սրահ ու դիտեցին «Peter Rabbit» մանկական շարժանկարը ու համտեսեցին համեղ կորեկը…

Աւելին
«Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կնոջական հիւանդութիւններ եւ համապատասխան քննութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան…

Աւելին
Տարեցներու Զատկուան Ձեռնարկ

Գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, ճաշարան «Արեւ»ի տնօրէնութիւնը, այս տարի եւս, մեր Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին եւ իրենց մօրենական մեծ հօր անուանակոչութեան առիթով, ճաշի հրաւիրեց Այնճարի տարեցները, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2018 -ին, ճաշարանի «Պայծառ» սրահին մէջ (անուանումը ի յիշատակ ճաշարանատէրերուն մեծ մօր): Յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ…

Աւելին
Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դաստիարակչական յանձնախունբին, Այնճարի մէջ նշուեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ը, Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան՝ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան, Տէր…

Աւելին
«Քիմիական Բաղադրութիւններ` Պահածոներու Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Քիմիական բաղադրութիւններ` պահածոներու մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…

Աւելին
Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի…

Աւելին
Միջինքի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս կազմակերպեց «Միջինքի Ձեռնարկ» մը, ուր ներկայ եղան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ տեղացի հիւրեր: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լուսին Պէզճեան, իսկ արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ընկհ. Սիլվա Համբարձումեան: Մարտ 8-ը կը զուգադիպէր Կանանց Միջազգային…

Աւելին
Քիթ-Կոկորդ-Ականջի, Ընդհանուր Մարմնի, Աչքի տեսողութեան Եւ Ճնշման Անվճար Քննութիւններ

Հովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ը, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցան բժշկական անվճար քննութիւններ: Շուրջ 100 հայորդիներ ենթարկուեցան քիթ-կոկորդ-ականջի, ընդհանուր մարմնի, աչքի տեսողութեան, ինչպէս նաեւ ճնշման քննութիւններու: Քննութիւններուն…

Աւելին
Սեմինար՝ «Առողջ Ապրելակերպ» (թիւ 3)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, շարունակեց կազմակերպել «Առողջ Ապրելակերպ» խորագրով սեմինարները, յատուկ երետասարդ մայրերու համար: Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ին, տեղի ունեցաւ 3-րդ սեմինարը առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, առողջապահական…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի 85-ամեակի Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Այցելութեան հիմնական նպատակն է, մօտէն ծանօթանալ -ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան -ԱՊԸԲ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն -ԼՕԽ-ի պատմականին -Քաջալերելու…

Աւելին
Հաւաքոյթ՝ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, կազմակերպեց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով հաւաքոյթ մը, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ, Մար Միխայէլ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին, ներկաներուն կուրծքը զարդարուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով…

Աւելին
Ուսուցչաց տօն

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը Ուրբաթ, 9 Մարտի 2018-ին կազմակերպած էր ձեռնարկ մը՝ ուսուցչաց տօնին նուիրուած։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Նազելի Աւագեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչին՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանին, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան…

Աւելին
Ընկերային Հաւաքոյթ

Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Պաուշրիէ»-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լենա Արամ, որ բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր…

Աւելին
«Կանաչ Տունը Եւ Հայոց Գարունը»

Գարնանամուտի նախօրեակին, տան բոյսերու պահպանման համար, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կարեւոր նկատեց կազմակերպել հանդիպում մը, ուր արժէր շեշտել ճիշդ խնամքի ձեւերը տնային, թէ′ արտատնային բոյսերուն: Առ այդ, հրաւիրեց երկրագործութեան ճարտարագէտ՝ պրն. Կարէն Եօսուլքանեանը ցուցմունքներ եւ գիտելիքներ փոխանցելու: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2018-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահէն ներս: Բացման խօսքով…

Աւելին
100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Այս տարուան մեր բոլոր ձեռնարկներուն գերիշխող թեման Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն է, մեր պետականութեան վերականգնումը, հանրապետութիւն ստեղծելը եւ, մանաւանդ, մեր ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելը: Այնքան ուժեղ խորհուրդ ունի այս պատմադրոշմ իրադարձութիւնը, որ մեր հաւաքական բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները անպայման կը ներշնչուին անկէ եւ անպայման խորհուրդներ, պատմական դասեր քաղելու առիթներ եւ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրափխրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց բեկաբուժ- վիրաբուժ` տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ակնարկելով օրուան…

Աւելին
ԼՕԽ-Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում

«Այսօր ԼՕԽ-ը Բոլոր Տուեալները Կ՛ամբողջացնէ 100 Տարուան Ժառանգը Ստանձնելու Եւ Պատուով Կատարելու Իրեն Վերապահուած Առաքելութիւնը» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` Դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Կանանց միջազգային օր»-ը…

Աւելին
«Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան

Կազմակերպոպթեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ին, գրադարան այցելեց օրդ. Փաթիլ Մկրտիչեան եւ աշակերտներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանը, սկսելով կեսագրականէն: Ան հետաքրքրական մէջբերումներ կատարեց անոր ընտանիքին, ընկերներուն, կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն, շեշտելով մանկական գրականութեան ոլորտը, մասնաւորաբար հեքիաթները: Քանի մը աշակերտներ պատմեցին իրենց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Յարաբերական Յանձնախումբին Տարեկան Ձեռնարկը

Բարեսիրական ու մարդասիրական իւրաքանչիւր աշխատանք իրականութիւն կը դառնայ` հաւաքական ջանքերով, համադրական աշխատանքով, նիւթական, բարոյական եւ գործնական ճիգերու միաձուլումով: Այդպէս է պարագան նաեւ ԼՕԽ-ի բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութեան, որուն յաջողութեան համար հիմնական դերակատարութիւն ունի հայորդիներուն բարոյական ու նիւթական նեցուկը: Այս իրականութենէն մեկնած է, որ տարեկան դրութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը իր…

Աւելին
Սեմինար՝ «Առողջ Ապրելակերպ»

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին շարունակեց կազմակերպել «Առողջ Ապրելակերպ» սեմինարներու 2-րդ շարքը, որ տեղի կ'ունենայ ամսական դրութեամբ «Թնճուկեան» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Շարքին 2-րդ սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար 2018-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ 23 մասնակիցներու: ԼՕԽ-ի…

Աւելին