Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: «Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը: Այս առիթով Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի»…
Աւելին14 Դեկտեմբեր 1990-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1 Հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Տարեցներու միջազգային օր: Այս օրուան նշումին նպատակն է տարեց մարդիկը արժեւորել` կեանքի զոհողութեամբ ընտանիք կազմած եւ սերունդներ դաստիարակած իրենց նուիրական առաքելութեան համար: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած անկիւնադարձային դերը եւ ներդրումը: Պատմութիւնը վկայ է, որ փորձառու եւ իմաստուն տարեցներու վստահուած են մարդկային…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նուր Պէյրութ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեանի, Տիկին Ալիս Պօղոսեանի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ ընկերուհինիրու, հրաւիրեալներու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, «The Peninsula» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ ընկհ. Ոսկի Կերեքմէզեանի եւ աւելի քան 120 ներկաներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Սապունճեան: Ան անդրադարձաւ դարեր շարունակ մեր պատմութեան ընթացքին հայ մօր հերոսական դերակատարութեան եւ ինչպէս մեր բանաստեղծներէն՝ Յովհաննէս Շիրազ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող, «Արաքսի և Ալեքսան Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանը օժտուեցաւ ոտնագնդակի դաշտով մը, նուիրատուութեամբ Յովակիմեան ընտանիքին (Ռազմիկ, Ացուքօ, Ֆիրա, Աթիսիւս): Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2018-ին, կ.ե. ժամը 5:30-ին, ներկայութեամբ Այնճարի երեք հոգեւոր պետեր՝ Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանի, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի և Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, որ կը գործակցի ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ, 2016-2018 շրջանին իր առաջին ժողովին ճշդեց երկամեայ ծրագիրը: Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ նախաձեռնեց նոր ծրագիր մը՝ երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը, անոնց մէջ յառաջացնելու առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ…
ԱւելինՕժանդակութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին, կարելի եղաւ ԱՊԸԲ Կեդրոնի հիւանդատար կառքը նորոգել եւ օժտել շտապ օգնութեան յատուկ արդիական կազմածներով եւ սարքերով։
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Կիլիկիա» թանգարան (Անթիլիաս), որմէ ետք Պիքֆայայի «Սուրբ Աստուածածին» վանք, առ ի գնահատանք յանձնախումբի կազպակերպած բոլոր դասախօսութիւններուն ներկայ եղողներուն, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2018-ին: «Կիլիկիա» թանգարանի պաշտօնեայ՝ Նարէ Սաղտըճեան սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ թանգարանի մասին, ուր կը գտնենք Ցեղասպանութեան եւ Կիլիկիոյ…
ԱւելինՄայիս ամիսը հարուստ է տօներով՝ Մայրերու տօն, Յաղթանակի եւ Ազատութեան տօն, Ջան կիւլիմի-Համբարձման տօն: Հայը եղած է աւանդապաշտ, բնապաշտ ու գեղապաշտ ժողովուրդ, սիրահար տօներու եւ տօնախմբութիւններու, որոնք մեզի հասած են հեթանոս դարերէն, Վահագնէն, Անահիտէն, բագիններէն եւ մեհեաններէն: Այսօր կ'ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն անտեսած չենք եւ մոռացութեան փոշիներուն տակ թաղած չենք մեր հնաւանդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: 15 մայիս 2018-ին ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը` ոգեկոչելու ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Այցելուները Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ հաւաքուեցան, ուր բացման խօսքով…
ԱւելինՎերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը: Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա), ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կազմակերպած էր մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին: Այս տարի Մայիս 10-ը զուգադիպեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, քոյր մասնաճիւղերու…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի "Հայաշէն" մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ`ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Քահուաթ Ալսըթ» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, գործունէութեան շրջանի աւարտին, գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ իր հովանիին տակ գործող 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն համար կազմակերպել միօրեայ շրջապտոյտ մը դէպի Պեքաա: Օրը սկսաւ Պէյրութէն: Չորս հանրակառքերը ուղուեցան դէպի Զահլէ, շուրջ 120 ընկերուհիներ հիւրընկալուեցան «Հայ Կեդրոն»ին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, ուր վարչութեան ատենադպրուհին տեղեկութիւններ տուաւ մասնաճիւղի…
ԱւելինՈւրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, կէսօրին The Bridge-ի كان يا مكان ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման Կայանի փոքրիկներուն ի նպաստ ձեռնարկ, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Հուրի Պապիկեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 100 հոգի։ Ընկերային յանձնախումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Կազդուրման Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Մարօ Սալխանեան։ Ան իր խօսքին մէջ խիստ անհրաժեշտ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը, 2016-2018 տարեշրջանին դասախօսական 4 շարքերուն ներկայ գտնուողներուն համար, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Առողջապահական դասախօսութիւններու եզրափակիչ սոյն հանդիպման ներրկաները հրաւիրուած էին յանձնախումբի անդամներուն կողմէ…
Աւելին«Երբ Հաւաքականութիւնը Կը Ներկայացնես, Հաւաքականութեան Ուժը Քու Հոգիիդ Մէջ Կ՛ըլլայ» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած երեք թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց «Առողջ Ապրելակերպ» խորագրով սեմինարներու երկրորդ շարքին չորրորդ սեմինարը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ 25 երիտասարդ մայրերու…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Alzheimer» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ՝ տոքթ. Յարութիւն Այնթապեան: ԼՕԽ-ին քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պէքաա շրջանը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Զահլէի «Հայ Կեդրոն», ուր դիմաւորուեցան եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի ննջեցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգիներուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ապա հոգեճաշ` եկեղեցւոյ 'Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան" սրահին մէջ:
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին համադրումով ու գործակցաբար ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Առաջին դասախօսութիւնը՝ «Առողջ սննդականոն, առողջ ապրելակերպ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2018-ին, կ.ա. ժամը 11:00 ին: Շրջանային…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ՝ տոքթ. Ալինա Քէշիշեան: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ…
Աւելին






















