Դասախօսական Շարքերու Եզրափակիչ Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը, 2016-2018 տարեշրջանին դասախօսական 4 շարքերուն ներկայ գտնուողներուն համար, որ տեղի ունեցաւ  Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Առողջապահական դասախօսութիւններու եզրափակիչ սոյն հանդիպման ներրկաները  հրաւիրուած էին յանձնախումբի անդամներուն կողմէ, միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ արժեւորելու անցնող երկու տարիներու ընթացքին կազմակերպուած 28 դասախօսութիւնները, որոնք տեղի ունեացան երկշաբաթական դրութեամբ, ուր արծարծուեցան առողջապահական նիւթեր՝ հիւանդութիւններու մասին բացատրութիւններ, հոգեբանական եւ ֆիզիքական խանգարումներու մասին թելադրանքներ, այժմէական բուժումներ, բժշկական նորանոր նուաճումներու մասին գիտելիքներ......, բոլորը ներկայացուած մասնագէտ հայ թէ′ օտար բժիշկներու եւ առողջապահական մարզի մէջ այլ մասնագէտներու կողմէ, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին յանձնախումբի առաջարկին:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան իր բարի  գալուստի խօսքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան, որ ԼՕԽ-ի առողջապահական մարզը վստահած էր յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին արդարացնելու այդ վստահութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր դասախօսներուն, յատուկ շնորհակալութիւն՝ ներկաներուն, որոնք  իրենց յաճախակի ներկայութեամբ սատարեցին յանձնախումբի ծրագրին յաջողութեան, ձմերուան անձրեւին ու ամարուան տաքին մնայուն ներկայութիւն եղան լսարանի վերածուած դասախօսութիւններուն, առողջապահական գիտելիքներով հարստանալու կողքին, ընկերային ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ծանօթացան միմեանց եւ ԼՕԽ-ի երդիքին տակ նոր բարեկամութիւններ հաստատեցին:

Տրուած ըլլալով, որ Մայիս ամիսը «Մայրերու Օր»ը նշելու ամիս է, ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք աշխարհի համն ու բոյրը կը հանդիսանան, մաղթելով առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն շարունակելու մայրական սրբազան առաքելութիւնը՝ յանուն իրենց ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին:

Ապա, տոքթ. Ալինա Քէշիշեան բացատրութիւն տուաւ ելեկտրասրտագիրի (սրտի ժապաւէն) մասին, անոր անհրաժեշտութեան եւ որպէս ուղեցոյց ծառայելուն սրտի ախտաբանական վիճակին: Ներկաներուն բաժնուեցան կտրօններ ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս կատարելու անվճար սրտի ժապաւէնի քննութիւն եւ այցելելու համապատասխան բժիշկին:

Ճաշի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութենէն ետք (տրամադրուած կեդրոնի տնօրէնութեան եւ բարերար՝ Mano Burger-ի կողմէն), ներկաները երգերով եւ ասմունքով մասնակցեցան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը, ինչպէս նաեւ պատասխանեցին յանձնախումբի անդամ՝ Սարին Շէկեանի պատրաստած հարցումներուն (դասախօսութիւններուն ընդմէջէն առնուած): Ճիշդ պատասխանողները ստացան նուէրներ:

Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան, իրենց հետ տանելով ծաղիկի թաղարներ տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ, խոստանալով միշտ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն,  յատկապէս դասախօսական շարքերուն:

Վարձքը կատար բոլորին: