ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին համադրումով ու գործակցաբար ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:
Առաջին դասախօսութիւնը՝ «Առողջ սննդականոն, առողջ ապրելակերպ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2018-ին, կ.ա. ժամը 11:00 ին: Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան խօսեցաւ ծրագրուած դասախօսական շարքի իրագործման և օգտակարութեան մասին:
«Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սոնա Տուզմանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ սննդագէտ օր. Սարին Շէկեանը, որ նաեւ մաս կը կազմէ առողջապահական յանձնախումբին:
Դասախօսը մեր առօրեայ ուտելիքները խմբաւորեց, (բանջարեղէն, հատիկեղէն, կաթնեղէն....) բացատրեց իւրաքանչիւր խումբի ունեցած սնունդի օգտակարութիւնը մարդկային մարմնին, տուաւ թելադրանքներ եւ կարեւորութեամբ շեշտեց կարգ մը բնական ուտելիքներու օգտակարութիւնը:
Ապա անցաւ վիթամիններու դերակատարութեան, դարձեալ խմբաւորումներով: Ան թելադրեց ուտել ամէն տեսակի բնական սննդամթերք, հետեւիլ մարզանքի եւ հեռու մնալ շաքարէն, աղէն ու վատ իւղերէն:
Աւարտին, ներկաները ուղղեցին հետաքրքրական հարցումներ և ստացան յստակ բացատրութիւններ:
Ներկաներուն բաժնուեցան վիթամինի տուփեր, տրամադրուած «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան կողմէ:





