Դասախօսութիւն՝ «Alzheimer» նիւթով՝

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Alzheimer» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ՝ տոքթ. Յարութիւն Այնթապեան:

ԼՕԽ-ին քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց, թէ բնական երեւոյթ է, որ տարիքի յառաջացման հետեւանքով, մեր մարմնին մէջ տեղի կ'ունենան որոշ խանգարումներ՝ լսողութիւն, տեսողութիւն , յիշողութիւն....: Երբ յիշողութեան խանգարումին ընկերակցի նաեւ խօսելու, արտայայտուելու, տրամաբանելու խանգարումներ՝ «Alzheimer» հիւանդութիւնն է: Հարկ է դիմել բժիշկին, լսել անոր խորհուրդներն ու թելադրանքները: Ապա հրաւիրեց տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը մանրամասնօրէն խօսելու յիշեալ հիւանդութեան մասին:

Տոքթ. Այնթապեան նախ գիտական բացատրութիւն մը տուաւ, թէ ի′նչ է «Alzheimer»ը, ապա power point-ի վրայ ներկայացնելով ուղեղի ծալքերուն  մէջ եղած փոփոխութիւնները ըսաւ, որ ուղեղի բջիջներուն մէջ կան հաղորդակցութեան թելեր (transmitters), որ կը կոչուին acetylcoline, որոնք հրահանգները կը փոխանցեն ուղեղէն մարմնին: Այս transmitter-ները կը սկսին անջատուիլ եւ կապը կտրուելով ուղեղէն հրահանգը չի հասնիր եւ հիւանդը չի յիշեր, որ որոշ գործեր պէտք է կատարէ:

Բժիշկը շարունակեց ըսելով, որ յիշեալ հիւանդութեան ախտանշանները ի յայտ կու գան երկու ուղղութեամբ՝

  1. Cognitive կամ գիտակցական ախտանշաններ
  • Հիւանդը անկարող կ'ըլլայ իր առօրեայ գործերը կատարելու
  1. Social կամ վարուելակերպի ախտանշաններ
  • Տրամադրութեան վերիվայրումներ
  • Յանկարծակի ջղային նոպաներ
  • Ընկերային յարաբերութիւններու խանգարում
  • Պարտականութիւններ մոռնալով

Բժիշկը թուեց «Alzheimer» հիւանդութեան պատճառները՝

  • Ժառանգական
  • Կեանքի ճնշուածութիւն (stress)
  • Արկածներ (գլուխէն հարուածներ)

Խօսելով հիւանդութեան կանխալգիլման միջոցներուն մասին, ան թելադրեց հետեւիլ առողջ սննդականոնի եւ առողջ ապրելակերպի, մեծ կարեւորութիւն տալ մարզանքին, ըլլան անոնք մարմնային, թէ′ մտային, որոնք հեռու կը պահեն ճնշուածութենէն: Որպէս մտային մարզանք, ան նկատի ունեցաւ ձեռագործը, տրուած ըլլալով, որ թէ′ հաշիւ եւ թէ′ կեդրոնացում կը պահանջէ:

Դասախօսութեան աւարտին, բժիշկը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Դարձեալ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տոքթ. Յարութիւն Այնթապեան նոյն դասախօսութիւնը տուաւ Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին: