Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Iyamed դեղի ընկերութեան, ոսկորափտութեան (Օsteoporosis) նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող անձերը: ներկայ էին դեղի ընկերութեան ներկայացուցիչները եւ ԱՊԸԲ կեդրոնէն տոթք. Կարապետ Չպուքճեան…
ԱւելինՍ.Զատկուան տօնին առիթով «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը կազմակերպեց յատուկ հաւաք շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի,17 Ապրիլ 2019-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ: Մթնոլորտը ճոխացուց Մարալ Վարդապետեան: Ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին իրենց զգացումները: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւկթամարտ: Ձեռնակի…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային երկրորդ ժողովը տեղի ունեցաւ 4 Ապրիլ 2019-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները: Ժողովէն ետք, տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու…
ԱւելինՀինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2019-ին , ժամը 12:00–ին, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու ժողով – հանդիպում, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ մասնաճիւղերը յուզող հարցերը: տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում, որու աւարտին կատարուեցան շինիչ առաջարկներ մասնաճիւղերու յառաջիկայ աշխատանքներու գծով:
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին տասներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, «Լսողութեան խանգարումներ եւ գլխապտոյտի պատճառներ» նիւթով: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ ականջի դերին ու կարեւորութեան, նաեւ` անոր վերաբերող…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առողջապահական կարգ մը հարցերու բարոյական գնահատականը»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ հիւանդապահուհի Սօսի Պալեանը` ներկայացնելու իր նիւթը: Սօսի…
ԱւելինՀայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայկական մշակոյթով հարուստ հայ ժողովուրդի զաւակները սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման պայքարը չեն սահմանափակած լոկ դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ հիմնելով: Հայկական գաւառներու մշակոյթն ու արուեստը, բարքերը, նկարագիրը, մէկ խօսքով` մեր պապենական ազգային ժառանգութիւնը վառ պահուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Արդ, այստեղ առանձնակի դեր վերապահուած է կնոջական իւրայատուկ կազմակերպութեան մը`…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեան անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու ընտրութիւններէն ետք 25 Հոկտեմբեր 2018-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլւա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ բացատրեց, թէ հանդիպումի նպատակն է իրարու…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Մորթի տարիքային փոփոխութիւններ»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք ,Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը իր դասախօսութիւնը սկիզբը ըսաւ, որ երբ խօսինք տարիքի եւ…
ԱւելինՈւրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց շարքին: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` նշելով, որ Լ.Օ.Խ.-ի յանձնախումբերուն մէջ ներարուած են երիտասարդ ուժեր, ինչ որ Լ.Օ.Խ.-ի…
ԱւելինԱմանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն հաւաքը իրենց…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Օրուան նիւթն էր` «Տարեկան անհրաժեշտ տարրալուծարանային քննութիւններ»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ տարրալուծարանագէտ տոքթ. Էտի Րագուպեանը` ներկայացնելու…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հայաստանի երկրաշարժի 30-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, յատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին վերաբերեալ…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Օրուան բանախօսն էր Հայր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեան, որ խօսեցաւ Քառասնօրեայ Մեծ պահքի իմաստին եւ կարեւորութեան մասին: Ապա ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ կը նախաձեռնէ երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը, անոնց մէջ յառաջացնելու առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, զաւակ- ծնողք փոխ յարաբերութեան մասին առողջ մտածումներ: Յիշեալ սեմինարներուն նպատակն է երիտասարդուհիները գիտակից…
ԱւելինՀՅԴ 128-ամեակին առիթով ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան…
ԱւելինՄարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ երկու օրերու ընթացքին, Ուրբաթ 6 Յուլիս եւ Շաբաթ 7 Յուլիս 2018-ին, ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին մէջ, քննարկումի առարկայ դարձնելով ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ առաջարկներ ներկայացնելով նորընտիր վարչութեան: Պատգամաւորական ժողովին ներկայ գտնուեցան Լ.Օ.Խ.-ի 26 մասնաճիւղերու 75 պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, Հ.Օ.Մ.-ի…
ԱւելինԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին ԼՕԽ-ի մարդասիրական գանձանակին մէջ: Այս առումով ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի վեցերորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ուղեղի կաթուածէ ետք խօսելու վերականգնման միջոցներ»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ ուղղախօսութեան մասնագէտ (speech therapy) Շաղիկ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր` «Ընկճուածութիւն եւ տարիքային տրամադրութեան փոփոխութիւն»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ առողջ, ուրախ եւ…
Աւելին






















