Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ՝ տոքթ. Ալինա Քէշիշեան:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ դասախօսութեան նպատակը խորհուրդներ եւ գիտելիքներ փոխանցելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք եւ գիտելիքներու գործադրութիւն: Ան հաստատեց, թէ առողջութիւնը գանձ մըն է, հարկ է խնամել եւ գնահատել այդ գանձը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զայն փոխանցելու առողջ մնալու խորհուրդներ:
Տոքթ. Ալինա Քէշիշեան դասախօսութեան սկսաւ եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր տարիք ունի առողջ ապրելակերպի իր առանձնայատկութիւնները եւ օրէնքները, հետեւաբար առօրեայ կեանքի ընթացքը ճիշդ ձեւով կազմակերպելով, աւելի հոգ կը տանինք առողջութեան, իսկ այս մէկը լաւ ընելու համար պէտք է գիտնալ առողջութեան բաղադրիչները՝
- 10 % բժշկութիւն
- 20 % ժառանգական գործօն
- 20 % շրջակայ պայմաններ
- 50 % առողջ ապրելակերպ
Ան ըսաւ, որ բժշկութեան կարեւորութիւնը գնահատելու համար, պէտք է հասկնալ տարեկան ստուգումներու կաեւորութիւնը, ինքնաբուժութեան կամ հակառակ երեւոյթի՝ բնաւ չբուժուելու վտանգները, բժիշկին հետ կապի մէջ ըլլալու կարեւորութիւնը բոլոր հիւանդութիւնները ժամանակին յայտնաբերելու, ճիշդ բուժուելու եւ բարդութիւններէ խուսափելու համար:
Դասախօսուհին նշեց, որ ժառանգական գործօնները եւս առողջութեան ձեւաւորման հիմնական մասը կը կազմեն, իսկ շրջակայ պայմանները շատ կարեւոր են, որպէսզի անձ մը իր առողջ ապրելակերպի դասաւորումը կազմակերպէ առանց խոչընդոտներու:
Ան հաստատեց, որ առողջ ապրելակերպը իր կարգին կազմուած է հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան ներդաշնակ փոխ համակցման միջոցով:
Հոգեկան առողջութիւնը պայմանաւորուած է ընկերային եւ հոգեբանական վիճակներով: Ասոնց վատթարացումը անմիջական կ'ազդէ մարմնական առողջութեան եւ հեւանդութիւններու լաւացման ընթացքին:
Ապա թուեց մարմնի առողջութեան ճիշդ հետեւելու կէտերը՝
- Օրակարգ (լուացուիլ, ճաշել, քալել,քնանալ...)
- Ճիշդ սննդականոն
- Վնասակար սովորութիւններէ ձերբազատում (ծխել, կըլկըլակ, ոգելից ըմպելիներ...)
- Մարզանք
- Ուղեղի մարզանք (ձեռագործ, խաչբառ, կարդալ...)
- Լաւ տրամադրութիւն (կեանքի հանդէպ դրական կեցուածք)
Դասախօսուհին իւրաքանչիւր կէտի համար տուաւ համապատասխան բացատրութիւններ, ներառելով քունի, անձնական մաքրութեան, ճիշդ մարզանք ընելու հարցերը:
Ապա յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն հիւանդագին վիճակները, որ կը յառաջանան մարմնի տարիքային փոփոխութիւններու միջոցով, նշելով՝
- Ոտքերու ոսկրային հարցեր
- Լսողութեան եւ տեսողութեան վատթարացում
- Ակռաներու եւ լինտերու հարցեր
- Ողնայարի ցաւեր
- Աղիքներու աշխատանքի խանգարումներ
Դասախօսութեան աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:








