ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց «Առողջ Ապրելակերպ» խորագրով սեմինարներու երկրորդ շարքին չորրորդ սեմինարը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ 25 երիտասարդ մայրերու, որոնք պարտաճանաչօրէն մասնակցելով կը վկայեն սոյն սեմինարներուն օգտաշատ եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ ըլլալը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ անդրադարձաւ Ապրիլ 24-ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, հայոց ցեղասպանութեան 103 ամեակի ոգեկոչման եւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը յարգելու անհրաժեշտութեան:
Սեմինարի առաջին բաժինը ներկայացուց LAU համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան- Քլուիքի, նիւթ ունենալով «Ծխամոլութիւն»ը, անոր հետ առընչուած հիւանդութիւնները, վնասները եւ ծխելը դադրեցնելու հիմնական ձեւերն ու թելադրանքները: Ըստ դասախօսին ծխելը մարդու կեանքը կը կարճեցնէ 14.5 տարիով, իսկ կլկլակի մէկ գլուխը համազօր է մէկ տուփ ծխախոտի, որու պարունակած վնասակար քիմիական նիւթերը կ'ազդեն սրտանօթային, ջղային եւ շնչառական համակարգերուն վրայ, ենթական դարձնելով մոլի: Ծխելը վերածուած է ընկերային, առողջապահական եւ հոգեբանական շատ լուրջ հարցի, հարկ է ճիգ թափել եւ զօրաւոր կամք ունենալ հեռու մնալու անկէ, պահպանելու թէ′ անձնական եւ թէ′ ընկերութեան առողջութիւնը:
Սեմինարին երկրորդ բաժինը ներկայացուց բժշկուհի Ալինա Քէշիշեան, որ փոխանցեց հիմնական թելադրանքներ առողջ մնալու համար՝ հոգատար ըլլար մեր մարմնին, հետեւիլ մաքրութեան, բաւարար քնանալ, ժամանակին դիմել բժիշկին, ուտել հաւասարակշռուած, կիրարկել մարմնամարզանք (քալել, վազել, լողալ...), հրաժարիլ վնասակար սովորութիւններէ (ծխել, ալքոհոլ ....):
Ապա, ան անդրադարձաւ սրտի եւ ուղեղի կաթուածներուն մասին, նշելով սրտի կաթուածի արտայայտման նշաններ՝ շնչառութեան դժուարութիւն, կուրծքի շրջանի ցաւ, վախի զգացում, սառն քրտինք, հոգնածութիւն ...., իսկ ուղեղի կաթուածի պարագային բացատրեց, թէ ինչպէ′ս կարելի է ախտաճանաչում կատարել եւ անմիջապէս դիմել բժիշկին:
Սեմինարի աւարտին, բժշկուհին ներկաներուն սորվեցուց ճիշդ ձեւով արեան ճնշումը չափելու եղանակը, թուելով կանոնները, թելադրեց իւրաքանչիւրին, որ տեղւոյն վրայ չափէ կողքին նստողին արեան ճնշումը:
Տեղի ունեցաւ Ճաշի հիւրասիրութիւն տրամադրուած դոկտ. Տէր Վարդանեանի կոմէ:
Յաջորդ սեմինարը տեղի պիտի ունենայ 23 Մայիս 2018-ին:










