Սեմինար՝ «Առողջ Ապրելակերպ» (թիւ 3)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, շարունակեց կազմակերպել  «Առողջ Ապրելակերպ» խորագրով սեմինարները, յատուկ երետասարդ մայրերու համար:

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ին, տեղի ունեցաւ 3-րդ սեմինարը առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ  Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, առողջապահական յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ մասնակիցներուն:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը նեկայացուց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Տրուած ըլլալով, որ մայրը մեծ դերակատարութիւն ունի զաւկին կեանքին եւ անոր հոգեկան զարգացման մէջ, ան նեկաներուն փոխանցեց զաւակ-ծնողք յարաբերութեան ամրապնդման համար անհրաժեշտ խորհուրդներ, անոնց դիմագրաւած հարցերը թեթեւցնելու, միասնաբար լուծելու եւ ներդաշնակ ընտանեկան մթնոլորտ մը ստեղծելու տունէն ներս: Ապա իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ «Զաւկիդ Համար» խորագրով յատուկ թերթիկ մը:

Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ հիւանդապահուհի Գարոլ Դերձակեան, որ խօսեցաւ դեղերու ճիշդ գործածութեան մասին: Ան թելադրեց մայրերուն, որ ուշադիր ըլլան եւ ցաւազրկիչներ, հազի դեղեր, աչքի ու ականջի կաթիլներ չօգտագործեն առանց բժիշկին խորհուրդը լսելու, հետեւին տան մաքրութեան, փոշիէն, ծխախոտի եւ կլկլակի ծուխէն ու խոնաւութենէն ձերբազատեն փոքրիկին սենեակը.....: Խօսելով պատուաստներու կարեւորութեան մասին հաստատեց, որ նախազգուշական միջոցները կրնան կեանք մը փրկել, իսկ կենսանիւթերն եւ հանքային աղերը օգտագործել միմիայն տարրալուծարանային քննութիւններէն ետք, բժիշկին թելադրանքով:

Երկրորդ բաժինով՝ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժինի պատասխանատու՝ Վերժին Խորշիտեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց կենցաղային գիտելիքներ՝ ինչպէ՞ս հականեխել անկողիններն ու բարձերը, ինչպէ՞ս մաքրել լուացքի մեքենան, խոհանոցի իրերը, ծորակներն ու լուացարանները, ինչպի՞սի խառնուրդ պատրաստել մաքրելու կարպետները, գորգերը, կաշիէ պայուսակները...:

Ապա Սարին Շէկեան խօսեցաւ ուտելիքներու մասին, որոնք կլուդեն կը պարունակեն եւ ի՞նչ է կլուդենէ զուրկ սննդականոնն ու անոր անհրաժեշտութիւնը որոշ հիւանդութիւններու ատեն:

Աւարտին, սեմինարին մասնակցող մայրերէն մէկը փափաքեցաւ իր զաւկին տարեդարձը տօնել եւ ուրախութիւնը բաժնել յանձնախումբի ընկերուհիներուն ու մասնակիցներուն հետ: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: