ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտներուն պտոյտը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրին, գրադարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ գրադարանի յանձնախումբին եւ պատասխանատուին ուղղուեցան դէպի Սիթի Մոլ։

Անոնք միասնաբար ճաշեցին, ապա շրջեցան վաճառատան մէջ, յետոյ մտան շարժապատկերի սրահ ու դիտեցին «Peter Rabbit» մանկական շարժանկարը ու համտեսեցին համեղ կորեկը։

Այդ օր բոլոր աշակերտները շատ հաճելի եւ հետաքրքրական ժամեր անցուցին  միասին։

Ձեռնարկը յաջողեցաւ շնորհիւ «Ժպիտ» խմբակին  եւ շարժապատկերի սրահին պատասխանատուներուն աջակցութեան։