ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին շարունակեց կազմակերպել «Առողջ Ապրելակերպ» սեմինարներու 2-րդ շարքը, որ տեղի կ'ունենայ ամսական դրութեամբ «Թնճուկեան» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Շարքին 2-րդ սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար 2018-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ 23 մասնակիցներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ գնահատեց ԼՕԽ-ի երդիկին տակ համախմբուած իգական սեռին ներկայութիւնը եւ սոյն սեմինարներուն մասնակցիլ փափաքողներուն թիւին աճը, ծրագիրը իր նպատակին ծառայած համարեց:
Տրուած ըլլալով, որ հայկական տօներուն եւ աւանդութիւններուն պահպանումը ԼՕԽ-ի առաքելութեան մաս կը կազմեն, ան անդրադարձաւ Փետրուար ամսուան մէջ համընկնող տօներուն, յիշելով՝ Տիառընդառաջը, Ղեւոնդեանքը, Վարդանանքը, Բարեկենդանը, Մոխրոց Օրը, Մեծ պահքի շրջանը ,Սէր խորհրդանշող տօնը... եւ բացատրեց իւրաքանչիւրին հետ առընչուած հայկական սովորութիւները, թելադրելով պահպանել մեր նախնիներուն կտակած հայ ազգի իւրայատուկ սովորութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ ուտելն ու ուտելիքը յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր կեանքին մէջ, յանձնախումբը հրաւիրած էր սննդագիտուհի՝ Մարիա Թէքէյեանը, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ սոնքութեան եւ անոր յառաջացման պատճառներուն մասին: Ան նշեց, թէ հաւասարակշռուած սննդականոնով, մարզանքով եւ կամք ունենալով կարելի է հասնիլ արդիւնքի եւ ունենալ թեթեւութեան զգացում, բարձր տրամադրութիւն, առողջ ու երկար կեանք: Սննդագիտուհին ներկայացուց նաեւ տարբեր սննդականոններ, թելադրելով ճիշդ ձեւով հետեւիլ անոնց, միշտ մասնագէտի մը հսկողութեամբ: Ան անդրադարձաւ պտուղներու, բանջարեղէններու, ընդեղէններու եւ ջուր խմելու կարեւորութեան:
Ապա, յանձնախումբի անդամներէն՝ սննդագիտուհի Սարին Շէկեան, որոշ բացատրութիւններ տուաւ եղանակի պտուղներուն մասին, ինչպէս խնձորը, պանանը, ելակը, նուռը,նարինջը, քիուին...անդրադառնալով անոնց պարունակած շաքարին, ջուրին եւ ջերմուժին մասին եւ թելադրեց հաւասարակշռուած ձեւով օգտագործել զանոնք, իսկ Ալիք Բագլայեան վերոյիշեալ պտուղներով պատրաստեց աղցան մը, որ գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յատուկ թերթիկ մը, աղցանին մէջ օգտագործուած պտուղներուն մասին տեղեկութիւններով:
Առողջապահական գիտելիքներով յագեցած, ընկերային ուրախ մթնոլորտ մը վայելած, բարձր տրամադրութեամբ եւ 14 Մարտ 2018-ին կայանալիք 3-րդ սեմինարին դարձեալ հանդիպելու խոստումով, մասնակիցները հրաժեշտ տուին միմեանց:











